Կեանքի ընթացքին իւրաքանչիւր մարդ կրնայ անցնիլ կասկածի պահերէ։ Չհաւատալու, տատամսելու կամ Աստուծոյ լռութեան դիմաց շփոթելու պահերու մէջ կը գտնուինք բոլորս։ Բայց արդեօք կասկածիլը մե՞ղք է։
Այս հարցումը յաճախ կը հնչէ ժամանակակից քրիստոնեաներուն կողմէ, որովհետեւ շատերս այսօր գիտակցաբար կը պայքարինք մեղքին դէմ։ Սակայն մեր ընկալումը մեղքին մասին երբեմն կը գունաւորուի աշխարհիկ չափանիշերով։ Մեզմէ շատեր կը դասակարգեն մեղքերը՝ «ծանր», «սարսափելի», կամ «աննշան» կոչելով զանոնք։ Այդ տեսակէտէն՝ անվստահութիւնը, մտքի տատանումը կամ կասկածամտութիւնը «փոքր» մեղք կը թուի։ Արդեօք այդպէ՞ս է Աստուծոյ տեսանկիւնէն։
Անվստահութիւնը այնքան հին է, որքան մարդկութիւնը։ Սուրբ Գրքին մէջ կը հանդիպինք մարդոց, որոնք կասկածած են Աստուծոյ խօսքին՝ նոյնիսկ երբ Յիսուսը իրենց աչքով տեսած կամ լսած են։
Կասկածը կը ծագի երբ մեր միտքը ճշմարտութիւնը կը ճանչնայ, բայց սիրտը չի վստահիր։ Այդ խզումին մէջ է, որ մենք երբեմն կը մեկուսանանք եւ կը սկսինք հարց տալ, եթէ Աստուած իսկապէ՞ս ներկայ է մեր կեանքին մէջ եւ եթէ կը լսէ մեր աղօթքները։
Երբ այս հարցումները կուտակուին առանց ընդունակ հոգիի եւ մանաւանդ աղօթքով առաջնորդուած խոկումի, կը մեկուսանանք Աստուծմէ։ Այս է վտանգաւոր կասկածը, այն փոքր մեղքը որ կրնայ մեծնալ ու զարգանալ։
Բայց կասկածիլը միշտ ալ վտանգաւոր կամ մեղք չէ։
Կասկածը վնասակար է, երբ ինչպէս ըսինք մեզ կը գոցէ, կը կասեցնէ, եւ կը հեռացնէ Աստուծմէ։ Իսկ օգտակար է, երբ մեզ կը մղէ փնտռելու ճշմարտութիւնը, աղօթելու, խորհրդածելու եւ մօտենալ Աստուծոյ։
Օրինակ, երբ հարց մը տանջէ մեզ բայց միջոցներու չդիմենք այդ հարցը քննարկելու հոգեւորականի մը հետ կամ ուսումնասիրութեամբ պատասխաններ գտնելու, այդ կասկածը կ՛ունենայ իր ժխտական արդիւնքները։ Բայց երբ այդ նոյն հարցը կը մղէ մեզ բանալու Աստուածաշունչը, աղօթելու կամ խօսիլու հաւատարիմ ընկերոջ մը հետ, այդ կասկածը աճման ազդակ կրնայ դառնալ։
Աստուածաշունչը կը յիշեցնէ, որ Աստուած ուսուցիչ մըն է եւ լի՝ սիրով. Իսկ այդ սէրը՝ մղիչ ուժ, ոգեւորող եւ քաջալերող է։
Կասկածի պահերը կրնան մեզի «վատ» ժամանակներ թուիլ, բայց շատ յաճախ այդ պահերն են, որ հոգեւոր նոր դռներ կը բանան։ Այդ պահն է, որուն մասին Յակոբոս առաքեալ կ’ըսէ. «եթէ ձեզմէ մէկը կը զգայ թէ անհրաժեշտ իմաստութիւնը չունի, թող խնդրէ Աստուծմէ, որ բոլորին կու տայ առատօրէն եւ սիրայօժար կերպով, եւ Աստուած պիտի տայ իրեն» (Յկ 1.5-6)
Ուրեմն, պէտք չէ սպասել մինչեւ որ կասկածը անցնի, եւ ապա աղօթել։ Պիտի աղօթենք կասկածով հանդերձ։ Աստուծոյ մօտ պէտք է երթալ մեր բոլոր հարցերով, տատանումներով եւ փխրուն հաւատքով։ Աստուած չի մերժեր փնտռող սիրտը։
Սուրբ Գիրքը բաւական պատմութիւններ ունի, ուր մարդիկ կասկածած են։ Բայց իւրաքանչիւր պարագայի, Աստուած չէ լքած զիրենք։ Ընդհակառակը՝ Ան կը մօտենայ, կը խրատէ, կը քաջալերէ։ Ընթերցէ՛ այս հատուածները եւ պիտի տեսնես ինչպէս Յիսուս սիրով կը հանդիպի եւ առանձին չի ձգեր կասկածի պահուն։ Աշակերտները՝ փոթորիկի ժամանակ (Մտ 8.25-26), Պետրոսը՝ երբ ջուրին վրայ քալեց, բայց յետոյ կասկածեցաւ (Մտ 14.29-31), Մարիամ՝ երբ Ղազարոս մահացաւ (Յհ 11.32), Թովմաս առաքեալ՝ յարութենէն ետք (Յհ 20.27)։
Ուրեմն, կասկածը մեղք չէ երբ հոգեւոր արթնացման ազդակ կ’ըլլայ։ Բայց վնասակար կ’ըլլայ՝ եթէ մեզ կը մղէ հեռանալ Աստուծմէ։ Կասկածի պահուն ինչ ընել՝ մեր ընտրութիւնն է։ Բայց գիտցիր, որ Աստուած կը սպասէ քեզ նոյնիսկ երբ կասկածի մէջ ես։
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան