
Յովհաննու Աւետարանէն քաղուած Կանայի Հարսանիքին դրուագով, Քրիստոսի աստուածութեան առաջին յայտնութիւնը կատարուեցաւ: Անոր հանրային առաքելութեան սկզբնաւորութեան:
Չորս Աւետարաններէն Յովհաննէս միակն է, որ կը յիշէ Կանայի հարսանիքը, եւ Մարիամի կու տայ էական դեր Քրիստոսի առաքելութեան մէջ: Կանայի Հարսանիքը Քրիստոսի առաջին հրաշքն է:
Քրիստոսի ներկայութիւնը հարսանիքին ինքն իր մէջ պատգամ մը ունի, թէ Քրիստոս հակառակ չէ հարսանիքի եւ ուրախութեան: Ան ոչ միայն մասնակից կ’ըլլայ, այլեւ Իր առաջին հրաշքը կը կատարէ հոն, որպէսզի հարսանիքը եւ ուրախութիւնը շարունակուին: Քրիստոսի ներկայութիւնը մարդոց կեանքէն ներս երջանկութիւն կը պատճառէ: Մեր կեանքէն ներս երբ Քրիստոս ներկայ է ամէն ինչ կարելի է:
Կանայի հարսանիքի ընթացքին Քրիստոսի հրաշագործութիւն կատարելու դրդապատճառը գինին պակսիլն է: Գինին Աստուածաշունչին մէջ ուրախութիւն կը խորհրդանշէ: Հրաւիրեալները երկրաւոր եւ ժամանակաւոր երջանկութեան մէջ էին, գինին սպառեցաւ, բայց երբ հաղորդուեցան Քրիստոսի կենարար արիւնը խորհրդանշող գինիին եւ ոգեղէն ներկայութեան, անոնց երջանկութիւնը շարունակուեցաւ: Երկրաւոր հարսանիքը օրինակ հանդիսացաւ երկնաւոր հարսանիքի պատրաստութեան:
Ապա կու գայ Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը: Մարիամ երբ կ’իմանայ գինիին սպառիլը, կը դիմէ Յիսուսի, այն համոզումով եւ հաւատքով որ Քրիստոս կրնայ բան մը ընել: Ան գիտէր, որ եթէ Յիսուս միջամտէ հարցը կը լուծուի եւ հարսնեւորներուն երջանկութիւնը կը շարունակուի:
Աւետարանական այս հատուածը, Աստուծոյ հետ միութեան եւ երջանկութեան պատկերը կը ներկայացնէ: Քրիստոս մեզի կը թելադրէ կենարար ջուրով լեցնել մեր հոգիի կարասները, եւ լուալ մեր մեղքերը ու վերանորոգուիլ այլափոխուած գինիով: Կարասները լեցնել, կը նշանակէ լեցուիլ Կեանքի աղբիւրով՝ Աստուծոյ խօսքով ու Անոր առատաբուխ օրհնութիւններով:
Աւետարանը կ’ըսէ թէ վեց հողէ կարասներ կային: Սուրբ գրքին մէջ վեց թիւը կը խորհրդանշէ այս աշխարհի նիւթական կեանքի ստեղծագործութեան վեցերորդ օրը: Բայց երբ Քրիստոս ներկայ է, այլեւս նիւթական եւ ժամանակաւոր ստեղծագործութեան հանգրուանը կ’անցնի եւ մենք մուտք կը գործենք նոր հանգրուանի մը Քրիստոսի Սուրբ եւ անմահացուցիչ Արեամբ նոր երկնաւոր եւ յաւիտենական երջանկութեան մէջ:
Կանայի Հարսանիքի դրուագը այսօր մեզի կը յիշեցնէ, թէ հարսանիքը վտանգուած էր, սակայն միեւնոյն ժամանակ կը յուսադրէ, որ Մարիամ կը հսկէ եւ իր բարեխօսութեամբ Քրիստոս կը միջամտէ:
Հայ ընտանիքը եւ ընտանեկան կեանքը վտանգուած է, Աստուծոյ եւ մարդկութեան թշնամիին կողմէ, քանդուած են քրիստոնէական, հայեցի եւ տոհմիկ սկզբունքներ: Չարը մեզ կը բաժնէ իրարմէ: Պէտք ունինք նոր կանայի հարսանիքի մը, որպէսզի Քրիստոս կրկին յայտնէ իր Փառքը մեզի:
Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԵՒ Ս. ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԵՒ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Ի՞ՆՉ Է ՊԱՏԱՐԱԳԸ.-
Պատարագ կը նշանակէ՝ Աստուծոյ մատուցուած ընծայ, նուէր կամ զոհ: Հին ժամանակ պատարագ կը մատուցանէին կենդանիներ մորթելով. անոնց արիւնը թափելէ ետք, զանոնք զոհասեղանի վրայ կը դնէին ու այրելով Աստուծոյ կը նուիրէին՝ գոհաբանութեան եւ մեղքերու քաւութեան համար: Նաեւ կը մատուցանէին անուշահոտ խունկի, հացի, գինիի, ձէթի ու երկրի բերքէն զանազան ընծաներ:
Քրիստոսի գալուստով դադրեցաւ կենդանիներու զոհագործութիւնը, որովհետեւ Քրիստոս աշխարհի մեղքը իր վրան առնելով պատարագուեցաւ Խաչին վրայ եւ իր սուրբ արիւնը թափելով մտաւ երկնքի սրբարանը ու քաւութիւն ըրաւ: Հայր Աստուած ընդունեց իր Որդւոյն միջնորդութիւնը եւ Անոր Արեան հեղումովը նոր Ուխտ մը հաստատեց համայն աշխարհի համար. խոստացաւ որդեգրութիւն շնորհել եւ դրախտին դուռը բանալ բոլոր անոնց, որոնք կը մկրտուէին Հօր, Որդւոյն եւ Ս. Հոգւոյն անունով ու կը խոստանային պահել Իր պատուիրանները:
Ի՞ՆՉ Է ԱՆԱՐԻՒՆ ՊԱՏԱՐԱԳԸ ԵՒ Ո՞Վ ՀԱՍՏԱՏԵՑ ԶԱՅՆ.-
Անարիւն Պատարագը Սուրբ Հաղորդութեան Խորհուրդի արարողութիւնն է, զոր հաստատեց Քրիստոս, Վերնատան մէջ, Վերջին Ընթրիքի ընթացքին:
Անարիւն պատարագը, ընծան կամ զոհը յիշատակութիւնն ու շարունակութիւնն է Գողգոթայի վրայ Յիսուսի կատարած Փրկագործութեան խորհուրդին: Այս արարողութեան ընթացքին կարդացուող աղօթքներուն, քարոզներուն, Ս. Գրային ընթերցումներուն, երգուող հոգեթով երգերուն եւ կատարուող ծէսերուն միջոցաւ կը պատմուի Քրիստոսի մարդեղութիւնը, խաչելութիւնը, մահը, հրաշալի յարութիւնը, յաւիտենական բարեխօսութիւնը եւ երկրորդ գալուստը:
Ս. Հաղորդութեան Խորհուրդի արարողութիւնը պատարագ, զոհ կամ ընծայ կը կոչուի, որովհետեւ Ս. Հաղորդութեան Խորհուրդի արարողութեան ընթացքին Յիսուս օրհնուած հացն ու գինին կը գոյափոխէ Իր մարմնոյն եւ արեան եւ ապա պատարագիչ քահանային ձեռքով՝ հաւատացեալներուն կողմէ կ’ընծայուի, (կը պատարագուի, կը նուիրուի, կը զոհուի) Հօր Աստուծոյ՝ մեղքերու քաւութեան համար: Այդ առիթով նաեւ գոհութիւն եւ փառաբանութիւն կը մատուցուի Աստուծոյ ու շնորհներ կը խնդրուին ներկաներուն համար:
Քրիստոս հացի եւ գինիի երեւոյթով Հօր Աստուծոյ ընծայուելով կը կատարէ իր յաւիտենական բարեխօսութիւնն ու քաւութիւնը հաւատացեալ ժողովուրդին համար եւ ապա իբրեւ Կենդանի Հաց կը բաշխուի ու կը բնակի Զինք ճաշակողներուն մէջ (ներսիդին):
ՈՐՈ՞ՆՔ ԿՐՆԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳ ՄԱՏՈՒՑԱՆԵԼ ԵՒ Ի՞ՆՉ Է ՔԱՀԱՆԱՅԻՆ ԴԵՐԸ.-

Պատարագ կրնան մատուցանել քահանայական կարգ ունեցող եկեղեցական պաշտօնեաներ: Քահանան խորհրդակատարն է: Ան ժողովուրդին ներկայացուցիչն է Աստուծոյ սուրբ Սեղանին առջեւ, որով կ’աղօթէ իր եւ իր ժողովուրդին մեղքերու քաւութեան համար ու շնորհներ կը խնդրէ: Նոյն ատեն ժողովուրդին առջեւ ան փոխանորդն է Քրիստոսի, կ’արտասանէ Անոր խօսքերը եւ կը բաշխէ Անոր մարմինն ու արիւնը հաւատացեալներուն:
Ի՞ՆՉ Է ՍԱՐԿԱՒԱԳԻՆ ՊԱՇՏՕՆԸ.-

Սարկաւագը սպասաւորն է Ս. Պատարագի սեղանին: Ան միջնորդ է ժողովուրդին եւ պատարագիչ քահանային միջեւ: Իր պարտականութիւններն են՝ խնկարկել, Աւետարան կարդալ, վերաբերում կատարել, ժողովուրդը առաջնորդել Աստուծոյ երկրպագելու եւ ուշադրութեամբ հետեւելու արարողութեան, քահանայէն օրհնութիւն հայցել ժողովուրդին համար, Ս. Սեղանէն ստանալ Քրիստոսի յայտնութեան աւետիսը եւ զայն ողջոյնով փոխանցել ժողովուրդին. իսկ արարողութեան լրումին հաւատացեալները հրաւիրել Փրկիչին մարմինն ու արիւնը ճաշակելու (Ս. Հաղորդութիւն):
Ի՞ՆՉ Է ԴՊԻՐՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՕՆԸ.-
Դպիրներու պաշտօնն է Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարել, կարդալ օրուան սաղմոսները, մարգարէական գիրքերը եւ առաքելական թուղթերը:
Ի՞ՆՉ Է ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ.-

Ժողովուրդին պարտականութիւնն է ուշադրութեամբ հետեւիլ արարողութեան, մեղմօրէն ձայնակցիլ դպիրներու երգեցողութեան, աղօթել Աստուծոյ եւ խնդրել Անոր ողորմութիւնը իր եւ պատարագիչին համար: Իսկ Ս. Հաղորդութեան մօտենալ հաւատքով, երկիւղածութեամբ եւ յարգանքով: Ինչպէս նաեւ իր աղօթքներուն կողքին, կարողութեանը համեմատ իր նիւթական մասնակցութիւնը բերել, որպէսզի հաւատքի կողքին բարի գործ մը կատարած ըլլայ Աստուծոյ առջեւ:
ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐՆ ՈՒ ԴՊԻՐՆԵՐԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ՀԱՄԱՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏՈՒԿ ՇԱՊԻԿՆԵՐ ԿԸ ՀԱԳՆԻՆ.-

Եկեղեցական շապիկը Քրիստոսի անմեղութեան եւ սրբութեան խորհրդանիշն է: Իւրաքանչիւր սարկաւագ կամ դպիր շապիկ հագնելով իր վրայ զգեցած կ’ըլլայ Քրիստոսը: Եկեղեցական շապիկը արտաքին նշան մը կամ ցուցանիշ մըն է սարկաւագներուն եւ դպիրներուն՝ սրբութեամբ ծառայելու եւ զգուշութեամբ քալելու համար Աստուծոյ տան մէջ:
Ա. Շարունակելի
Ուսումնասիրեց՝
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան