ԿԱՂԱՆԴԻ ԾԱՌԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒՄ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 5 Դեկտեմբեր, 2025-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Երուանդ եւ Անի Պասմաճեան» Դահլիճէն ներս՝ Կաղանդի Ծառի աւանդական լուսաւորում, մասնակցութեամբ Հոգեւոր Հովիւներու, Հոգաբարձութեանց, Ազգային Երեսփոխաններու եւ Պատգամաւորներու, գործակից միութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ բարերարներու ներկայութեամբ։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօնի խորհուրդով ողջունեց ներկաները եւ բոլորին մաղթեց բարեբեր նոր տարի մը՝ առողջութեամբ, յաջողութեամբ եւ խաղաղութեամբ լեցուն։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ