ԶԱՆԳԱԿԱՏՈՒՆ
Եկեղեցիներէն ներս զանգի գործածութիւնը ընդհանրանալէն ետք, անհրաժեշտ դարձաւ զայն կախել եկեղեցւոյ կից բարձրացող աշտարակի մը վրայ, որպէսզի անոր ղօղանջը լսելի դառնար նոյնիսկ հեռաւոր շրջաններ բնակութիւն հաստատած ժողովուրդին:
Ընդհանրացած ձեւը այն էր, որ բարձրացող աշտարակին ծայրամասը կամարակապ բացութիւն մը ունենար, ուր կը կախուէր զանգակը:

Յաճախ միջակ մեծութեամբ զանգակներ կախուած կ’ըլլային եկեղեցւոյ պատին ամրացուած երկաթէ մը. Ժամկոչին պարտականութիւնն էր որոշեալ ժամերուն զանգակին պարանը քաշել եւ հաւատացեալներուն տեղեակ պահել, թէ եկեղեցական ժամերգութիւնը պիտի սկսի:
Յետագային, զանգակատունը եկեղեցական ճարտարապետութեան ընդհանուր կառոյցին մէջ ներառնելով՝ մայր մուտքին բարձրացող գեղակերտ կաթողիկէներով, եկեղեցւոյ արտաքին ոճին տուին եւս առաւել գեղեցկութիւն մը, որ պատշաճօրէն կը ներդաշնակուէր եւ կ’ընդելուզուէր եկեղեցւոյ ընդհանուր կառոյցին հետ:
Երբեմն եկեղեցիներ չունենալով կեդրոնական կաթողիկէ գմբէթ, զանգակատունն էր որ իր խոյանքով կը բարձրանար՝ եկեղեցւոյ տալով ազգային կնիք եւ դիմագիծ: Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ զանգակատունը գեղեցկագոյն օրինակն է այսօր:
Սուրբ Էջմիածնի Մայր տաճարին շքեղ եւ լայնախարիսխ զանգակատունը, իր գեղակերտ քանդակներով, կառուցուած է հետագային, Մայր տաճարի մուտքին, վեհութեամբ զարդարելով արեւմտեան ճակատը՝ մայր դարպասը եկեղեցւոյ: Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարը իր մայր մուտքի հիւսիսային եւ հարաւային անկիւններէն բարձրացող զոյգ զանգակատուներ ունի, որոնք մայր գմբէթին հետ ներդաշնակուելով, որպէս երրեակ կաթողիկէներ՝ Աստուծոյ փառքն է որ կը ներբողեն բարձունքներուն մէջ: