«ԾԻՍԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐ» ՇԱՐՔ

ՄԱՏԱՆԻ

Եկեղեցւոյ թէ եկեղեցականութեան կեանքէն ներս, մատանին պաշտօն եւ հանգամանք ցոյց տուող նշան է:

Ոսկի, թանկագին քարերով զարդարուած եւ կեդրոնական մեծ քարով մը յատկանշուած մատանին մեր եկեղեցւոյ մէջ վերապահուած է կաթողիկոսին եւ եպիսկոպոսներուն:

Կաթողիկոսներ իրենց աջ ձեռքի մատնեմատին կը դնեն մատանին, իսկ եպիսկոպոսներ իրենց աջ ձեռքի ճկոյթին:

Մատանին իշխանութեան նշան է եւ առ այդ՝ եպիսկոպոսներ որպէս իշխան եկեղեցւոյ՝ զայն կը կրեն:

Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան՝ վեհափառ Հայրապետը մատանին նորաօծ եպիսկոպոսին ճկոյթ մատին անցնելով զայն տեսուչ կը նշանակէ ժողովուրդին վրայ եւ իշխան՝ Հայց. Եկեղեցւոյ:Լատի Եկեղեցւոյ ծայրագոյն վարդապետները մասնաւոր արտօնութեամբ խոյրին հետ մատանի կրելու իշխանութիւն կը ստանան եւ կը կոչուին թագադիր վարդապետ:

ՃԱՐՄԱՆԴ

Ճարմանդը՝ փիլոններուն, շուրջառներուն եւ երբեմն եմիփորոններու կրծքավանդակին վրայ ամրացուող արծաթեայ զարդն է, որ անոնց երկու ծայրամասերը զիրար կ’ագուցէ:

Կան նաեւ մեծ ճարմանդներ, որոնք պատարագիչի գօտիին համար կը գործածուին: