ՋՐԱՄԱՆ

Մեր եկեղեցւոյ ծիսական կիրառութեան մէջ տեսանք, որ ջուրի բարեպաշտական ներկայութիւնը կարեւոր է։
Մասնաւորաբար խաչահանգիստի եւ ջրօրհնէքի արարողութիւններուն՝ եկեղեցին կարիքը ունի մեծ ջրամաններու, լայն բերանով եւ գոգաւոր մէջքով մետաղեայ կաթսաներու, յաճախ մասնաւոր քանդակներով զարդարուած, որոնք հնարաւորութիւնը կ’ունենան մեծ քանակութեամբ ջուր ընդունելու, որպէսզի օրհնութենէն ետք կարենան բազմահարիւր հաւատացեալներուն ումպ մը միւռոնաբոյր ջուր մատակարարելու եւ հոգեպէս լիցքաւորելու հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւնը։
ԲԱԺԱԿ

Ժողովրդային ընթացիկ կիրառութեան մէջ բաժակ բառը հոմանիշն է այն գաւաթին, որուն միջոցաւ մարդիկ գինի կը մատռուակեն, կամ թէյ կը հրամցնեն։
Փոխաբերական իմաստով անիկա իբրեւ խոհրդանիշ կը ծառայէ նաեւ չարչարանքի, վիշտի, բարկութեան, միանգամայն փրկութեան եւ ուրախութեան։
Յիսուս մատնութենէն առաջ, Գեթսեմանի պարտէզին մէջ հետեւեալ խնդրանքը ներկայացուց իր Հօր. «Տէր եթէ հնարաւոր է այս բաժակը հեռացուր ինձմէ»։ Ինչ որ կը նշանակէ.- Ո՜վ Տէ՛ր, հեռացուր ինձմէ չարչարանքերն ու խաչելութիւնը։
Իսկ որպէս դրական արտայայտութիւն կ’ըսենք. «Այս բաժակը ձեր կենացն է որ կը խմեմ»։ Գեղեցիկ մաղթանքի մը արտայտութիւնն է, ինչ որ ինքնին կը նշանակէ բարի կամեցողութիւն եւ ուրախութիւն։
Եկեղեցական բառագիտութեան մէջ աներկբայօրէն բաժակը նաեւ հոմանիշն է սկիհին՝ սրբազան այն սպասին, որուն մէջ գինին Ս. Պատարագի ընթացքին կը փոխարկուի Քրիստոսի Արեան եւ նշխարը՝ Քրիստոսի Մարմնոյն։
Օրմանեան սրբազան սկիհին եւ բաժակին համար հետեւեալ սահմանումը կը կատարէ.- Երբ սկիհ կ’ըսենք, կը հասկնանք լոկ նիւթական անօթը, իսկ երբ բաժակ կ’ըսենք կ’իմանանք նաեւ անոր պարունակութիւնը, նոյնիսկ գինիին եւ նշխարին Քրիստոսի Արեան եւ Մարմնին փոխարկումէն ետք։
Որպէս եզրափակում պէտք է ըսել, որ սկիհը վերապահուած է միայն ու միայն Պատարագի Ս. Խորհուրդին գործածելու համար. ան շինուած կ’ըլլայ ազնիւ մետաղով եւ յաճախ խորաքանդակ եւ բարձրաքանդակ գեղեցիկ արուեստով։
Իսկ բաժակը, ժողովրդային կիրառութեան մէջ նաեւ գործածական գաւաթն է՝ ըմպանակը, որուն միջոցաւ զանազան հեղուկներ կը խմենք կամ կը հրամցնենք։Ս. Պսակի խորհուրդի աւարտին, որպէս խորհրդանիշ կանայի հարսանիքին, պսակադիր եկեղեցականը օրհնելէ ետք բաժակով գինին, կը հրամցնէ պսակուող զոյգին, խաչեղբօր եւ հարսնաքրոջ։