Ծածուկ Ողորմութիւն

ՂՈՒԿԱՍՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ (Ղկ14.12-24)

Ապա Յիսուս տանտիրոջ ըսաւ.

-Երբ ճաշի կամ ընթրիքի հրաւէր կու տաս, մի՛ կանչեր բարեկամներդ կամ եղբայրներդ, ազգականներդ եւ հարուստ դրացիներդ,որպէսզի չըլլայ որ անոնք ալ քու հրաւէրիդ փոխարէն քեզի հրաւիրեն եւ այս ձեւով քեզի հատուցում կատարած ըլլան: Ընդհակարակը, երբ ճաշկերոյթ կու տաս,կանչէ աղքատներն ու խեղանդամները, կաղերն ու կոյրերը եւ այն ատեն երանելի պիտի ըլլաս, որովհետեւ անոնք փոխարէնը քեզի հատուցանելիք ոչինչ ունին: Եւ գիտցած եղիր, որ քու հատուցումդ պիտի ստանաս արդարներու յարութեան ժամանակ:

Երբ սեղանակիցներէն մէկը այս խօսքերը լսեց,ըսաւ Յիսուսի.

-Երանի՜ անոր որ Աստուծոյ արքայութեան մէջ ճաշ պիտի ուտէ:

Յիսուս անոր հետեւեալ  առակը պատմեց.

-Մարդ մը կար, որ մեծ ընթրիք մը սարքեց եւ շատեր հրաւիրեց: Ընթրիքի ժամուն իր ծառաները ղրկեց, որպէսզի հրաւիրեալներուն ըսէ. «Եկէք,ամէն ինչ պատրաստ է արդէն»: Հրաւիրեալները սկսան մէկ առ մէկ հրաժարիլ: Առաջինը ըսաւ. «Արտ մը գնեցի, պէտք է երթամ եւ տեսնեմ զայն, հետեւաբար կը խնդրեմ որ ներողամիտ գտնուի»:

Միւսը ըսաւ. «Հինգ զոյգ եզ գնեցի, պէտք է երթամ փորձեմ զանոնք, հետեւաբար կը խնդրեմ որ ներողամիտ գտնուի»: Ուրիշ մը ըսաւ. «Տակաւին նոր ամուսնացայ, հետեւաբար  չեմ կրնար գալ»: Ծառան վերադարձաւ եւ իր տիրոջ պատմեց անոնց ըսածները: Այն ատեն տանտէրը վրդոված՝ ըսաւ  ծառային. «Անմիջապէս քաղաք գնա եւ հրապարակներուն եւ փողոցներուն մէջ որքան որ աղքատ, խեղանդամ, կաղ եւ կոյր տեսնես՝ բոլորն ալ հոս բեր»:

Քիչ ետք ծառան վերադառնալով իր տիրոջ ըսաւ. «Տէ՛ր հրամանդ կատարեցի,բայց տակաւին տեղ կայ»: Տէրը ծառային հրամայեց. «Քաղաքէն դուրս գնա եւ ճամբաներուն վրայ ու դաշտերուն մէջ ո՛վ որ գտնես՝ստիպէ որ գայ, որպէսզի տունս լեցուի: Կ’ըսեմ ձեզի,որ առաջին հրաւիրեալներէն ո՛չ  մէկը իմ ընթրիքէս պիտի ճաշակէ»:

Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս իր քարոզութեան ընթացքին, առանցքային տեղ տուած էր ողորմութեան,որ ծածուկ կերպով պէտք է կատարուի: Քրիստոս մեզմէ կը պահանջէ, ողորմութիւն կատարենք կարօտեալին որ կարողութիւն չունի մեզի փոխադարձելու,եւ ոչ թէ հարուստ ազգականի մը կամ ունեւոր դրացի մը որ կրնայ փոխադարձել մեր հրաւէրին:

Ողորմութեան փոխարէն մարդոցմէ վարձատրուիլը չ’երաշխաւորեր մեր մուտքը Աստուծոյ արքայութենէն ներս:Մարդոց վարձատրութիւնը պատրանք է եւ ժամանակաւոր, այս աշխարհին կը պատկանի,իսկ Աստուծոյ վարձատրութիւնը յաւիտենական է, որ հիմնական երաշխիքն է արքայութիւն մտնելու: Մեր նպատակը պէտք է ըլլայ բարեգործութիւն կատարել, ո՛չ թէ փոխարինուելու եւ գովասանք ստանալու: Մեր ակնկալութիւնը պէտք է ըլլայ, Աստուծմէ վարձատրութիւն ստանալ եւ ոչ թէ մարդոցմէ:

Աստուծոյ արքայութենէն ներս Քրիստոսի հետ ճաշի սեղանակից եւ մասնակից ըլլալու հրաւէրը ուղղուած է մեզմէ իւրաքանչիւրիս հաւասարապէս, բայց կարեւորը մենք որքանո՞վ պատրաստ ենք ընկալելու աստուածային այն հրաւէրը, որ կոչ մըն է մեզմէ իւրաքանչիւրիս: Երանի է մեզի եթէ կարենանք լսել եւ ընդառաջել Աստուծոյ հրաւէրին, հրաժարվելով մեզ շրջապատող աշխարհիկ պատրանքներէն եւ մտահոգութիւններէն:

Հրաւէրը անխտիր բոլորին ըլլալով հանդերձ,Քրիստոս այս առակով կը հաստատէ թէ շատ մը հրաւիրեալներ կը մերժեն փրկութեան կոչը, աշխարհիկ ցանկութիւններուն հետեւելով: Ուստի,  օր պիտի գայ Աստուծոյ հրաւէրը մերժողները,բոլորն ալ պիտի մերժուին Աստուծոյ կողմէ,եւ հրաժարեալներուն փոխարեն Աստուած պիտի թելադրէ իր հրեշտակներուն, որ իր խրախճանքի սեղանը համալրուի այս աշխարհի բոլոր անտեսուած եւ արհամարհուածներով:

Արդ,ականջալուր ըլլանք աստուածային հրաւէրին: Աստուած դրախտի դռները բացած է մեզ ընդունելու, պարտինք ուրախութեամբ ընդառաջել, որովհետեւ Աստուած մեզ իր Միածին Որդիին շնորիւ արժանի նկատած է Իր երկնային խնճոյքին մասնակից ըլլալու:

Սիրելի հաւատացել,քոյրեր եւ եղբայրներ՝
 2022 տարին կը հասնի իր աւարտին, տարուան վերջին ամիսն է,որ կը թեւակոխենք, բոլոր եկեղեցականներս գիտենք,որ պատահական չէ, որ այս մասուան կիրակի օրերու աւետարանական ընթերցուածները մեզ կը հրաւիրեն ապաշխարութեան եւ կը յիշեցնեն ըսելով, ո՜վ հաւատացեալ տարին իր աւարտին կը հասնի,դուն քեզ վերատեսութեան ենթարկէ, նախորդ տարուան սխալներդ սրբագրէ, պայմանաւ նոյնը չկրկնես յաջորդ տարի:               

Այսօրուան աւետարանական հատուածը Աստուծոյ արքայութենէն ներս մուտք գործելու հրաւէր մըն էր, տեսանք ինչպէս հրաւիրեալներէն ոմանք կը հրաժարին, «Հող, Եզ, Կին» գնելով եւ առնելով զբաղուած էին, մերժեցին Տիրոջ հրաւէրը:

Մենք եւս նոյն ընթացքի մէջ ենք, զբաղուած ենք առօրեայ վաղանցուկ մտահոգութիւններով եւ մոռցած ենք որ տարին կը հասնի իր աւարտին, իսկ մենք զբաղուած ենք գնայունով, մոռնալով մնայունը եւ յաւիտենականը:

Փառք Աստուծոյ եւ շնորհակալութիւն ամենակալին, որ իր կենսատու աւետարանով եւ աստուածահիմն եկեղեցիով կը յիշեցնէ մեզի, որպէսզի ապաշխարենք եւ զղջումի արցունքով դառնանք դէպի Աստուած:

ՍՐԲՈՑՆ՝ ՄԻՆԱՍԱՅ, ԵՐՄՈԳԻՆԵԱՅ, ԵՒԳՐԱՓՈՍԻ ԵՒ ԿԱՄԱՒՈՐ ԱՂՔԱՏԱՑՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԵՒ ԱԼԵՔՍԻԱՆՈՍԻ

Ս.Մինաս «Մեծ» կը կոչուի, զանազանուելու համար Եգիպտացի Ս.Մինասէն: 

Ան ծնունդով Աթենացի էր,Դիոկղետիանոսի  կայսրակիցը Գեղերիոս զայն կը ղրկէ Աղեքսանդրիա, տեղւոյն խռովութիւնները հանդարտեցնելու պաշտօնով: Ս.Մինաս, ճարտասան եւ գիտուն մարդ էր, յաջողութեամբ կը կատարէ իրեն վստահուած գործը, իր Եւգրափոս քարտուղարին հետ տարի մը  մնալով Եգիպտոս, հրապարակաւ կը յայտնէ իր քրիստոնէական հաւատքը, իր բարեգործութեամբը ան ընդհանուրին ուշադրութեան առարկայ դառնալով: Կայսրը իմանալով Մինասի ընթացքին մասին, Աղեքսանդրիա կը ղրկէ անոր դասընկերը՝ Աթենացի Եպարքոս Երմոգինէսը,որ ատեան մը կազմելով կանչել կու տայ Մինասը,բայց յաղթահարուելով անոր պատասխաններէն,կտրել կուտայ սուրբին լեզուն եւ փորել՝ անոր աչքերը:Բայց յաջորդ օրն իսկ երբ կը տեսնէ որ Ս.Մինաս հրաշքով մը բժշկուած է, իսկոյն ինք եւս դարձի գալով կը ընդունի քրիստոնէութիւնը:

Աղեքսանդրիոյ  հայրապետին կողմէ եկեղեցական ձեռնադրուելով,Երմոգինէս եւս կը սկսի համարձակ կերպով քարոզել Քրիստոսի Աւետարանը: Կայսրը պարտաւորուած ինք անձամբ կու գայ Եգիպտոս եւ կը դատէ Մինասը, Երմոգինէսը ինչպէս նաեւ Եւգրափոսը գլխատել տալով զիրենք:

ՍՈՒՐԲ ԱԲԳԱՐ

Նախավկայ եւ Քրիստոսի հաւատացող Անդրանիկ Թագաւոր:

Ըստ ազգային աւանդութեան,  Հայոց Աբգար թագաւոր մորթային ծանր հիւանդութենէ տառապելով՝ Անան անունով սուրհանդակի հետ նամակ կը գրէ Յիսուսի եւ զայն Եթեսիա կը հրաւիրէ:  Անան Երուսաղէմ կը հասնի այն պահուն ,երբ Յիսուս իր խաչը շալկած գողգոթայ կը բարձրանանր, անկարելի էր որ թագաւորին փափաքը իրականանար: Ի պատասխան՝ Յիսուս կը հաղորդէ, թէ իր աշակերտներէն մին  ղրկէ իրեն, որպէսզի զինք բժշկէ: Որպէս հաստատում իր խոստումին Յիսուս «ԴԱՍՏԱՐԱԿԻ» վրայ տպաւորուած իր կենդանի պատկերը կը ղրկէ Աբգար թագաւորին, որպէս մխիթարութիւն:

Յիսուսի Յարութենէն ետք, Թադէոս Առաքեալը կու գայ Եդեսիա, կը բժշկէ Աբգար թագաւորը եւ ամբողջ ընտանիքը: Աբգար կ’ընդունի քրիստոնէութիւնը եւ կը դառնայ առաջին նախադաւան քրիստոնեայ թագաւոր: 

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան