Խոնարհին Աղօթքը

ՂՈՒԿԱՍՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ (Ղկ 18.9-14)
 

Այս առակն ալ պատմեց անոնց, որոնք իրենք իրենց համար այն համարումը ունէին թէ արդար են եւ ուրիշները կ’արհամարհէին:
 

Երկու հոգի տաճար գացին աղօթելու. մէկը՝ Փարիսեցի, միւսը Մաքսաւոր:
 

Փարիսեցին մէկ կողմ կեցած, ինքնիրեն կ’աղօթէր. «Աստուած իմ, շնորհակալ եմ քեզմէ՝ որ ուրիշ մարդոց նման՝ յափշտակող, անիրաւ, շնացող չեմ, կամ այս Մաքսաւորին պէս ալ չեմ: Այլ շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահեմ եւ ամբողջ եկամուտիս տասանորդը տաճարին կու տամ»: Իսկ Մաքսաւորը հեռուն կեցած, աչքերը առանց վեր բարձրացնելու՝ կուրծքը կը ծեծեր եւ կ’ըսէր. «Աստուա՜ծ, ներէ ՛ մեղաւորիս մեղքերը»:
 

Կ’ըսեմ ձեզի, եզրակացուց Յիսուս, Մաքսաւո՛րն է որ արդարացած տուն գնաց եւ ո՛չ թէ Փարիսեցին, որովհետեւ ով որ իր անձը կը բարձրացնէ ՝ պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը խոնարհեցնէ ՝ պիտի բարձրանայ:
 

«Փարիսեցիին եւ Մաքսաւորին» առակի շարժառիթին մասին խօսելով Ղուկաս աւետարանիչ կ’ըսէ. «Այս առակն ալ պատմեց անոնց, որոնք իրենք իրենց համար համարում ունէին թէ արդար են եւ ուրիշները կ’արհամարհէին» (Ղկ 18.9):
 

Փարիսեցիին աղօթքը անընդունելի էր, որովհետեւ ան իր անձին շուրջ կեդրոնացաւ եւ «ես»-ի պատեանին մէջ ինքզինք բանտարկեց: Հետեւաբար, հպարտութեան փոթորիկը մառած էր անոր հաւատքի ջահը, ուստի հեռացած էր ճշմարիտ եւ անկեղծ աղօթքի հոգիէն:
 

Մենչդեռ մաքսաւորը խոնարհ հոգիէն մղուած, հեզութեամբ առաջնորդուած եւ զղջումի գիտակցութեամբ լեցուած մատուցեց իր աղօթքը: Ան նոյնիսկ աչքերը վեր բարձրացնելու ինքզինք անարժան նկատեց, ուստի արժանացաւ արդարացումի:
 

Ս. Օգոստինոս կ’ըսէ. «Ինչպէս որ մահուան մէջ կեանք կայ, համեստութեան մէջ ալ զօրութիւն՝ նոյնպէս ալ խոնարհութեան մէջ՝ բարձրացում»:
 

Փարիսեցիին գոռոզութիւնը նկատելի է ոչ միայն ինքզինք գովելէն, այլ նաեւ իր նմանը արհամարհելէն:
 

Այս առակով Քրիստոս մեզի կը սորվեցնէ.
 

ա.Խոնարհ ըլլալ. Յակոբոս առաքեալ կ’ըսէ. «Տէրը հակառակ է ամբարտաւաններուն, մինչդեռ շնորհք կու տայ խոնարհներուն» (Յկ 4.6): Հպարտանալ կը նշանակէ զԱստուած մերժել, եւ փրկութեան հրաւէրը անարգել:
 

բ.Խոնարհին աղօթքը քաղցր կը հնչէ Աստուծոյ ականչին, անուշահոտ խունկի նման բուրումնաւէտ կը թուի Իրեն: Առաքինութեան թագն ու բարի գործերուն պսակումն է խոնարհութիւնը, որուն միջոցաւ մարդը կը դառնայ Աստուծոյ հաճելի եւ սուրբերուն գովելի:
 

Քրիստոսի իսկական հետեւորդը կը հատկանշուի խոնարհութեամբ, ինչպէս որ աղը կը համեմէ ճաշը, իսկ աչքը կը լուսաւորէ մարմինը, նոյնպէս ալ ՛ խոնարհութիւնը կը բարձրացնէ մարդը: Խոնարհութեամբ միայն կարելի է աստղի նման փայլիլ մեղքով մթաքնած երկնակամարի վրայ:
 

Թող որ ըլլանք խոնարհ,որպէսզի մեր հոգիներէն բխին գեղեցիկ մտածումներ եւ ապրումներ, մտքերէն ծագին լուսեղէն մտածումներ, որպէսզի ըլլանք պիտանի անձեր, լուսաւորելու մեր շրջապատը:
 

ՍՐԲՈՅՆ ԱԲԳԱՐՈՒ ՆԱԽԱՎԿԱՅ ԵՒ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՄԵՐՈՅ
 

Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը, հայակերտման եւ հայապահպանման այն ազդակներէն է, որուն արժանացանք Տիրոջ բարեհաճ կամքով:Քրիստոնէութեան տարածման մէջ մեծ էր Ս. Աբգար թագաւորին դերը: Աբգար թագաւոր աշխարհի առաջին թագաւորն էր, որ ընդունեց քրիստոնէութիւնը: Այսպիսով, քրիստոնէութիւնը տարածուեցաւ հայոց աշխարհի եւ արքունական պալատէն ներս եւ հայ ազնուական ընտանիքները թօթափելով հեթանոսական ապականած փոշին կը սկսին բարեկարգուիլ եւ կերպարանափոխուիլ Քրիստոնէական բարերար լոյսի ներգործութեամբ:

Աբգար թագաւորին մասին մեզի տեղեկութիւն կը փոխանցէ Պատմահայր Մովսէս Խորէնացին: Պատմական աղբիւրներու համաձայն, ժողովուրդը Աբգար թագաւորը «Աւագ այր» անուանած են, իր հեզ եւ իմաստուն նկարագրին համար:
 

Հայոց պատմութեան մէջ Աբգար թագաւոր իր ուրոյն եւ նշանակալից տեղը ունի: Անոր հեղինակութիւնը տարածուած էր Եթեսիա քաղաքի կառուցումով, ուր մծբինէն տեղափոխուած էին, իր արքունիքն ու դիւանատունը:
 

Աբգարի թագաւորութեան երկրորդ տարին, Հռոմէական կայսր՝ Օգոստոսը կը հրամայէ աշխարհագիր կատարել կայսրութեան հպատակ երկիրներու մէջ, որոնք հարկատու էին իրեն: Այդ օրերուն կայսարական գործակալները կու գան Հայաստան եւ մեհեաններուն մէջ կը տեղադրեն կայսեր պատկերն ու հարկատու կը դարձնեն իրենց:
 

Ճիշդ նոյն օրերուն, Բեթլեհէմ քաղաքին մէջ կը ծնի Յիսուս:
 

Տարիներ անց, Աբգար թագաւորին կողմէ պատուիրակութիւն մը կ’այցելեն կայսեր հազարապետին, հոն կը լսեն Քրիստոսի սքանչելագործութիւններու մասնի եւ կայցելեն երուսաղէմ, կը տեսնեն Յիսուսի կատարած գործերը եւ հրաշքները՝ կը վերադառնան Եթեսիա ու կը պատմեն Աբգար թագաւորին:
 

Աբգար թագաւոր որ եօթը տարիներէ ի վեր կը տառապէր անբուժելի մաշկային հիւանդութենէ, աղերսագիր կ’ուղարկէ Քրիստոսի՝ խնդրելով, որ Ան գայ եւ բժշկէ զինք:
 

Փրկիչը կը պատասխանէ .«Երանի անոր որ առանց տեսնելու կը հաւատայ, որովհետեւ իմ մասիս գրուած է թէ անոնք որոնք զիս կը տեսնեն, ինծի չեն հաւատար: Իսկ ինչ որ դուն ինծի գրեցիր, քովդ գալու համար,ես այստեղ պէտք է մնամ եւ կատարեմ այն բոլորը, որոնց համար ղրկուած եմ: Երբ այս բոլորը կատարեմ, պիտի համբառնամ անոր մօտ որ զիս ղրկեց, համբառնալես ետք քեզի կը ղրկեմ աշակերտներէս մին, որ քեզ բժշկէ եւ կեանք շնորհէ քեզի եւ քեզի հետ եղողներուն:
 

Աւանդութեան համաձայն, Աբգարի սուրհանդակ Անանը կը հասնի Երուսաղէմ եւ կը տեսնէ Փիլիպպոսը եւ աղաչելով կ’ըսէ. «Տէ՝ր, կ’ուզենք Յիսուսը տեսնել»: Յիսուս կը պատասխանէ. «Ահա Մարդու Որդիին փառաւորման ժամը հասաւ» (Յհ 12.21-23):
 

Քրիստոսի համբարձումէն ետք Թադէոս առաքեալ կ’երթայ Եդէսիա, Քրիստոսի խոստումը կը կատարէ եւ Աբգար թագաւորը բժշկելէ ետք, իսկոյն կը սկսի Աւետարանի քարոզութեան:
 

Ապա Ս. Թադէոս առաքեալ Ադդէ անունով բարեպաշտ մը եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ եւ կ’ուղղուի Աբգարի քեռորդի Սանատրուկի մօտ:
 

Աբգար թագաւոր կը համարուի Քրիստոսի հաւատացող նախավկայ անդրանիկ թագաւոր: Ան իր սրբակենցաղ կեանքով օրինակ կը հանդիսանայ յօգուտ քրիստոնէութեան տարածման: Աբգար 38 տարի թագաւորելէ ետք կը մահանայ:
 

Ս.Աբգար թագաւորի խնկելի յիշատակը կը տօնուի Դեկտեմբեր ամսուայ երկրորդ կիսուն:

ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՎԿԱՅ ՍԱՐԿԱՒԱԳ
 

Ս.Ստեփանոս նախավկայ Սարկաւագ Սուրբ Հոգիով եւ հաւատքով լեցուն անձ մըն էր: Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ շնորհալի դէմքերէն մին կը հանդիսանայ ան, Քրիստոսի առաքեալներուն կողմէ կը ընտրուի, որպէսզի հաւատացելներուն ծառայող եւ սպասարկու Ս.Սեղանին, ան սարկաւագութեան հրաուիրուած եօթը անձերէն առաջինն է: Հրեայ ղեկաւարները չհանդուրժելով իր քարոզութիւններուն եւ վկայութիւններուն, կ’ամբաստանեն զինք եւ ատեանին առջեւ քարկոծելով կը սպաննեն: Ս.Ստեփանոս Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ առաջին նահատակն է: Իր մասին մնարամասնօրէն կը կարդանք «Գործք Առաքելոց»ի, 6 եւ 7 գլուխներուն մէջ: Հայց Առաքելական Եկեղեցին ամէն տարի դեկտեմերի 25ին, կամ յաջորդ օրը կը յիշատակէ, Ս.Ստեփանոս Սարկաւագին տօնը եւ զայն կը նկատէ եկեղեցւոյ սպասարկութեան նուիրուած Սրակաւագներու բարեխօսը:
 

ՊԵՏՐՈՍ ԵՒ ՊՕՂՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐ
 

Ս.ՊԵՏՐՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼ
 

«Քեզի կ’ըսեմ թէ ժայռ ես դուն, եւ այդ ժայռին վրայ պիտի շինեմ իմ եկեղեցիս»(Մտ 16.18):
 

Նախկին անունով Շմաւոն կամ Սիմոն: Յիսուս զինք կոչեց Կեփաս (Պետրոս), որ կը նշանակէ ժայռ (վէմ): Ան Բեթսայիդա քաղաքէն էր, որդին՝ Յովնանի եւ եղբայրը՝ Անդրէաս առաքեալին:
 

Ս. Պետրոս նախքան Յիսուսի հանդիպիլը կը զբաղէր ձկնորսութեամբ: Ան ընդառաջելով Քրիստոսի հրաւէրին, ձգեց ամէն ինչ, հետեւեցաւ Տիրոջ եւ դարձաւ «մարդու որսորդ» (Մտ 4.19): Ան որպէս Քրիստոսի աշակերտը եւ առաքեալը, զանազան վայրերու մէջ քարոզեց Քրիստոսի Աւետարանը եւ բժշկեց հիւանդները: Այլ խօսքով՝ իր կեանքը ամբողջութեամբ նուիրեց մարդկութեան հոգիներու փրկութեան առաքելութեան, դառնալով Քրիստոսի Աւետարանի վկան:
 

Առաքեալը Սուրբ Հոգիի առաջնորդութեամբ գրեց երկու նամակ: Առաջինը՝ Ներոն կայսեր հալածանքներու ընթացքին, որուն գլխաւոր նպատակն էր քրիստոնեաները քաջալերել եւ Քրիստոսի կեանքի օրինակով յոյս ներշնչել անոնց: Երկրորդը՝ պայքարիլ կեղծ ուսուցողներուն եւ յատկապէս անոնց ուսուցումներէն բխած անբարոյականութեան դէմ:
 

Այդ ժամանակաշրջանին Հռոմ կը գտնուէր Սիմոն մոգը (կախարդ), որ Ներոն կայսեր կողմէ յարգուած անձ մըն էր եւ ինքզինք իբրեւ Քրիստոս կը ներկայացնէր: Այս պատճառով Ս. Պետրոս եւ Ս. Պօղոս առաքեալներ աստուածային զօրութեամբ կը նախատեն զայն Կայսեր ատեանին առջեւ, որուն իբրեւ հետեւանք, մոգը չարաչար հոգին կ’աւանդէ: Ներոն տեսնելով պատահածը, մանաւանդ պալատականներէն ոմանց հաւատքն ու դարձը դէպի քրիստոնէութիւն, զայրացած կը հրամայէ սպանել սուրբ առաքեալները, 66 թուականին:
 

Ս. Պետրոս ինքզինք արժանի չի նկատեր Տիրոջ նման խաչուելու, ուստի գլխիվայր կը խաչուի:
 

Սուրբերուն յիշատակը անմահացնելու նպատակաւ իրենց անունով փառահեղ եկեղեցիներ կը կառուցուին, որոնց մէկ մասին մէջ կը տեղադրուին սուրբերուն մասունքները:
 

Արդարեւ, մեզմէ կը պահանջուի անսալ Առաքեալի առաջին նամակին մէջ մեզի ուղղուած կոչին՝ «Մօտեցէք անոր, Քրիստոսի, որովհետեւ Ի՛նքն է այն կենդանի վէմը, որ թէպէտ մարոցմէ մերժուաց, բայց Աստուծմէ ընտրուած պատուական վէմն է»(Ա.Պտ 2.4):
 

Ս.ՊՕՂՕՍ ԱՌԱՔԵԱԼ
 

Ս.Պօղոս առաքեալ կամ Պաւղոս (որ կը նշանակէ «փոքր»), երբեմն կոչուած է Սօղոս կամ Սաւղոս (որ նոյնպէս «փոքր» կը նշանակէ), Բենիամինի ցեղէն էր, ծնած Տարսոն քաղաքին մէջ, նաեւ Հռոմի քաղաքացի: Ան իր բարձրագույն ուսումը ստացած է իր ծննդավայրի համալսարանէն ապա երթալով Երուսաղէմ աշակերտած է յայտնի աստուածաբան Գամաղիէլ անուն օրէնքի ուսուցիչ վարդապետի մօտ.(Գրծ 5.34): Դարձած էր կծու, մոլերանդ հրեայ մը, փաստելու համար իր կրօնքին հանդէպ ունեցած նախանձախնդրութիւնը եւ հաւատարմութիւնը՝ սկսած էր ձերբակալել բազմաթիւ անմեղ քրիստոնեաներ: Սօղոս երբ Դամասկոս կ’երթար քրիստոնեաները հալածելու, ճամբու ընթացքին յանկարծ զօրաւոր լոյս մը կը փայլատակէ եւ զինք գետին կը ձգէ, ապա ձայն մը կը լսուի որ կ’ըսէ.«Ես եմ այն Յիսուսը, որ դուն կը հալածես:
 

Հիմայ ե՛լ, ոտքի՛ կանգնէ, որովհետեւ քեզի երեւցայ՝ որպէսզի քեզ ինծի օգնական դարձնեմ: Քեզ պիտի ազատեմ այս ժողովուրդին ձեռքէն, ինչպէս նաեւ հեթանոսներէն, որոնց մէջ պիտի ղրկեմ քեզ որպէսզի անոնց աչքերը բանաս, զանոնք խաւարէն դէպի լոյս եւ Սատանային իշխանութենէն դէպի Աստուած դարձնես» (Գրծ 26.16-18):
 

Այս դէպքէն ետք Սօղոս կը դառնայ Քրիստոսի 13րդ Առաքեալը, քրիստոնէական հաւատքի ախոյեաններէն եւ եկեղեցւոյ պանծալի դէմքերէն:
 

Իր կոչումը երկինքէն ստացած Ս.Պօղոս առաքեալ կը քարոզէ աւելի քան վաթսուն եւ հինգ քաղաքներու մէջ: Պօղոս Առաքեալ իր կեանքի ընթացքին, աննպաստ պայմաններու մէջ աւետարանը կը քարոզէ, փոքր Ասիոյ եւ եւրոպական ցամաքամասերու վրայ: Հազարաւոր հոգիներ կը փրկուին, եկեղեցիներ կը հիմնուին ,եկեղեցականներ կը ձեռնադրուին եւ իր կողմէ14 առաքելական նամակներ կը գրուին, այս բոլորը Աստուծոյ զօրութեամբ եւ շնորհիւ՝ կը պարտինք Պօղոս Առաքեալին: Ան որպէս քրիստոնէութեան տարածիչ զանազան չաչարանքներու ենթարկուելէ ետք հռոմայեցի ըլլալուն համար խաչի անարգ մահուան չի դատապարտուիր, այլ՝ սուրով կը գլխատուի Հռոմի մէջ:
 

Անոր սրբազան մասունքները կը գտնուին Հռոմի՝ եւ իր անուամբ կառուցուած եկեղեցիներու մէջ:
 

Հայ եկեղեցին Ս.Պետրոս եւ Ս.Պօղոս Առաքեալներուն յիշատակը միասին կը նշեն տարին երկու անգամ:

Տաթեւ Ա.Քհնյ.Միքայէլեան