ԽԱՉԸ՝ ՃԱՄԲՈՒ ԸՆԿԵՐ

Անցնող օրերուն յիշեցի այդ գեղեցիկ սովորութիւնը, զոր, ինչպէս բազմաթիւ այլ ծնողներ, իմ ծնողքս ալ մանկութենէս սորվեցուցած էին ինծի՝ խաչակնքել ամէն անգամ, երբ եկեղեցիի մը առջեւէն անցնէի։

Այսօր ալ, թէեւ շատեր կը շարունակեն խաչակնքել, երբ մայրուղիին վրայ ինքնաշարժով եկեղեցիի մը առջեւէն կ’անցնին, սակայն շատերու մօտ այս գեղեցիկ սովորութիւնը կամաց-կամաց մոռացութեան տրուած է, իսկ ուրիշներու համար անիկա նոյնիսկ անծանօթ է՝ որպէս հաւատքի պարզ, բայց խորիմաստ արտայայտութիւն։

Այս մասին աւելի խորհելով՝ անդրադարձայ նաեւ, որ խաչակնքելը առաջին բաներէն մէկն է, զոր ծնողք մը կը սորվեցնէ իր զաւակներուն։ Նոյնիսկ խօսիլ չգիտցող փոքրիկ մը կը սորվի խաչակնքել՝ անգիտակցաբար իսկ հասկնալով, թէ խաչը մեր հաւատքի եւ ինքնութեան կեդրոնն է՝ որպէս Աստուծոյ զաւակներ։

Իբրեւ հոգեւորականներ, շատ յաճախ հիւանդանոցներ կ’այցելենք, ուր կը հանդիպինք մահուան շեմին հասած մարդոց եւ անոնց ընտանիքներուն։ Անոնցմէ ոմանք հաւատացեալ են, իսկ ուրիշներ՝ ոչ այնքան հաւատացեալ։ Սակայն գրեթէ բոլորը կը գիտակցին, որ իրենց երկրաւոր կեանքի վերջին հանգրուանին հասած են։

Անոնց համար, որոնք իրենց կեանքին ընթացքին անտեսած են զԱստուած կամ չեն խնամած իրենց հոգեւոր կեանքը, այդ շրջանը յաճախ լեցուն կ’ըլլայ վախով եւ անորոշութեամբ։ Իսկ անոնց համար, որոնք սիրած են զԱստուած, իրենց հոգեւոր աչքերը բաց պահած են, խորհած են մահուան ու յաւիտենական կեանքի խորհուրդին մասին եւ այդ ուղղութեամբ հոգեւոր աշխատանք տարած են, այդ ճամբորդութիւնը կը դադրի վախի եւ անորոշութեան ճամբայ մը ըլլալէ եւ կը վերածուի ապաշխարութեան ու ներքին բժշկութեան ճանապարհի։

Շատ անգամ ականատես կ’ըլլանք, թէ ինչպիսի զարմանալի խաղաղութեամբ ու արիութեամբ մարդիկ կը դիմագրաւեն իրենց վերջին օրերը։ Որովհետեւ երբ մարդ իր ամբողջ կեանքը կ’ապրի աղօթքով եւ Աստուծոյ հանդէպ վստահութեամբ, կը գիտնայ, թէ Աստուած Իր խոստումներուն հանդէպ հաւատարիմ է։

Բազմաթիւ են հաւատացեալ հիւանդներու վկայութիւնները, որոնք իրենց մահէն առաջ կը պատմեն լոյսի զարմանալի տեսիլքներու, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ ներկայութեան եւ սիրոյն՝ իրենց ապրած զգացումին ու փորձառութեան մասին։ Պէտք է, սակայն, ի մտի պահել, թէ այն խաղաղ վախճանը, զոր մարդիկ ժպիտով կը դիմաւորեն, մինչ մենք աղօթքով ու շարականներով կ’ուղեկցինք զիրենք, ամբողջ կեանքի մը հաւատքի պտուղն է։

Մահուան մօտեցող շատ մարդիկ իրենց փորձառութեամբ մեզ կը յիշեցնեն Քրիստոսը։ Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ Քրիստոս ալ տրտմեցաւ, արտասուեց եւ ապրեցաւ մարդկային տկարութիւնը, սակայն պատրաստ էր այդ բաժակը խմելու, որովհետեւ գիտէր, թէ ամէն բան հոն պիտի չաւարտէր։

Տէրը մեզի կ’ըսէ. «Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ՝ թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ ետեւէս գայ» (Մտ. 16.24)։

Այս յօդուածին նպատակը մահուան ու կեանքի խորհուրդին մասին խօսիլ չէ։ Այս բոլորը գրեցի՝ ցոյց տալու համար, թէ առաջին հայեացքով փոքր թուացող հոգեւոր սովորութիւնները երբեք անպտուղ չեն մնար։ Խաչակնքելը՝ եկեղեցիի մը առջեւէն անցնելու ժամանակ կամ տունէն դուրս գալէ առաջ, աղօթելը՝ ուտելէ, քնանալէ, ճամբորդելէ կամ որեւէ գործի ձեռնարկելէ առաջ, մոմ վառելը, տան մէջ խունկ վառելը եւ նման այլ բարեպաշտական սովորութիւններ ոչ միայն կը զօրացնեն մեր հաւատքը, այլեւ կը դառնան անոր տեսանելի արտայայտութիւնները։ Անոնք մեր կողմէ Աստուծոյ ուղղուած փոքր, բայց անկեղծ վկայութիւններ են, որոնք կը յայտարարեն, թէ զինք կը յիշենք, կը պատուենք եւ մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը կու տանք Իրեն։

Ուրեմն, խաչակնքելով միայն անցեալ մը չենք յիշեր, այլ կը կենդանացնենք մեր հաւատքը եւ կը մասնակցինք Քրիստոսի չարչարանքին, բայց մանաւանդ՝ Յարութեան խորհուրդին։

Այս յօդուածը հրաւէր մըն է խաչին ուրախութիւնը ապրելու։ Իսկ ի՞նչ է այդ ուրախութիւնը։

Խաչին ուրախութիւնը նոր կեանքի այն պարգեւն է, որ խոստացուած է բոլոր հաւատացողներուն։ Այդ ուրախութիւնը նոյնիսկ մահուան անկողինին վրայ մարդուն ներքին խաղաղութիւն կու տայ, որովհետեւ հոն Աստուծոյ միանալու, Անոր նմանուելու եւ նոր արարած դառնալու շնորհքը կայ։

Ամէնօրեայ խաչը կը բժշկէ եւ կը լուսաւորէ մեր կեանքը, իսկ մեր հայեացքը կը դարձնէ դէպի գալիք արքայութիւնը։ Ան կը հեռացնէ վախն ու դառնութիւնը, երբ անոնք մօտենան, եւ անոնց տեղ կը բերէ խաղաղութիւն, լոյս եւ կենդանի ջուրի քաղցրութիւնը։

Խաչակնքելը առանց բառերու աղօթք է՝ ըլլայ մանկան մը շրթունքներուն վրայ, թէ իր առօրեան ապրող անհատին, կամ մահուան առջեւ կանգնած տարեցի մը ձեռքով։ Ան միշտ կը յիշեցնէ մեզի, որ Աստուծոյ Արքայութիւնը արդէն իսկ ներկայ է մեր մէջ եւ մեր շուրջը։

Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան