ԽԱՂԱԼԻՔՆԵՐ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ

Հինգշաբթի, 4 Դեկտ. 2025ին, Հայ Կեդրոնը եւ Եկեղեցի ընդունեց այցելութիւնը շրջանի Ոստիկանապետը եւ իր գործակիցները։ Անոնք դիմաւորուեցան եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչին, Հոգեւոր Հովիւին եւ Կեդրոնի պատասխանատուներուն կողմէ։ 

Այս առիթով Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ Հայր սուրբը բարի գալուստի խօսք արտասանեց հիւրերուն եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Յանձնախումբին միջոցաւ եւ եկեղեցւոյ հաւատացեալ ժողովուրդին նուիրաբերած խաղալիքներուն շնորհիւ, կրկին հնարաւոր դարձաւ ոստիկանատան ճամբով ձեռք երկարել եւ ուրախութիւն պատճառել կարիքաւոր փոքրիկներուն։