
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Վատիկանի պապական նուիրակ Փաուլօ Արքեպիսկոպոս Պորճիան եւ Հայրապետին փոխանցեց Ն.Ս. Լեւոն ԺԴ. Պապին շնորհաւորագիրը, Երկուշաբթի, 5 Յունուար 2026-ի առաւօտեան։
Նամակին մէջ Պապը Վեհափառ Հայրապետին իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ՝ Լիբանան կատարած իր այցելութեան ընթացքին միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական հանդիպումներուն մասնակցութեան համար։
Այս առիթով, պապական նուիրակը Նորին Սրբութեան փոխանցեց Նոր տարուան ու Սուրբ Ծննդեան օրհնաբեր տօներուն առիթով Պապին բարեմաղթութիւնները։
Հանդիպումին ներկայ էին Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեան եւ Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի պատասխանատուներէն Հոգշ. Տ. Պսակ Վրդ. Թէփիրճեան։