Ի ՊԱՏԻՒ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ՝ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԵՑԱՒ ՄՈՆԹՐԷԱԼԻ ՄԷՋ

«ԾԱՌԱՅՈՂ ՈՒ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ՄԱՐԴՈՒ ԵՒ ԽՈՀԵՄ ՈՒ ՀԵՌԱՏԵՍ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԻՔԸ ՈՒՆԻՆՔ ԱՄԷՆ ՏԵՂ»

ՇԵՇՏԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Մոնթրէալ ժամանման երկրորդ օրը՝ Ուրբաթ, 17 Հոկտեմբեր 2025-ին, «Հայ Կեդրոն»ի «Աւետիս Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ՝ ի պատիւ Նորին Սրբութեան: Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան եւ թեմի ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներն ու հոգեւոր հայրերը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Գերապատիւ Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտըմեան: Ան ըսաւ, որ պատմական ուրոյն առիթ մըն է մեզ համախմբողը այսօր, որ միաժամանակ կ՚ամրապնդէ մեր հաւատքն ու նուիրումը՝ եկեղեցւոյ ու ազգի ծառայութեան։ Այսօր հաւաքուած ենք երախտագիտութեամբ վերադառնալու անցնող երեսուն «հասկ» դարձած տարիներուն. «հասկ»ի իւրաքանչիւր հատիկ բարեշունչ շրջանի մը անսուտ վկան է։ Հայր սուրբը ներկայ հրաւիրեալներու հոգեւոր հրճուանքին թարգմանը հանդիսանալով՝ ըսաւ. «մեր՝ Միաբանութեան եւ ժողովուրդի սիրտին համար տօն է Ձեր գահակալութեան 30-ամեակը, որուն իբրեւ արտայայտութիւն սիրոյ այս սեղանին շուրջ կը մէկտեղուինք իբրեւ խորհրդանիշ մեր սիրոյ ու խոնարհ երախտագիտութեան։ 30 տարիներու պատիւը Ձե՛րն է, բայց ուրախութիւնը՝ բոլորիս. որովհետեւ Ձեր գահակալութեան 30 տարիներու խօսքերը՝ պարզ ու ճշմարիտ, լուսարձակ եղան մե՛ր բոլորին. Ձեր հոգեւոր հաւատարմութիւնը եւ ազգային գիտակցութիւնը՝ անսպառ աղբիւր մե՛ր բոլորին. Ձեր ներկայութիւնը՝ հաստատ ու խաղաղ, սփոփանք ու վստահութիւն ներշնչող ամէն հայու սիրտի. իսկ Ձեր գործը՝ լայնածաւալ ու արարող, դարձաւ շունչ, որ նորոգեց եկեղեցին մեր գգուելի եւ ազգը՝ պերճափայլ»։

Հայր Գարեգինին խօսքէն ետք, յանուն թեմի ազգային իշխանութեան, խօսք առաւ ատենապետ Ծովիկ Թէրզեան. ան յատկապէս ընդգծեց. «երեսուն տարիներ երկար ժամանակահատուած մըն է: Այդ տարիներու ընթացքին տեսանք խոչընդոտներ ու մարտահրաւէրներ, բայց նաեւ ուրախութիւններ ու յաղթանակներ: Իսկ ամէն մէկ վայրկեանի մէջ զգացինք Ձեր հայրական ներկայութիւնը: Ձեր խօսքը մեզի համար եղաւ խրատ, Ձեր աղօթքը՝ զօրութիւն, Ձեր նուիրումը` օրինակ, որոնցմով սորվեցանք, որ հաւատքով ու միասնականութեամբ կարելի է յաղթահարել ամէն տեսակ դժուարութիւն»։

Ապա խօսք արտասանեց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արքեպիսկոպոս։ Ան իր սիրտի խօսքին մէջ ըսաւ. «Գանատայի Հայոց Թեմը երկու օր է ի վեր ցնծալից պահեր կ՚ապրի։ Մեր Հայրապետին 30 ամեակը նշելը իւրաքանչիւրիս համար աննկարագրելի ուրախութիւն եւ իսկական պատիւ է։ Հաւատքի առաքելութեան տեսլականով, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ծառայեց եւ աննկուն կերպով գործեց։ Եկեղեցւոյ, ազգին ու Հայրենիքին ուղղուած ծառայութեան մէջ հոգեւորականի իսկական տիպար հանդիսացաւ ան հայ կեանքին մէջ։ Վեհափառ Տէր, այս կարճատեւ ժամանակամիջոցին Ձեր 30-ամեայ պայծառակերպող ու ներշնչող առաքելութիւնը բառերով կարելի չէ պարզել։ Ձեզ կը դիտենք եւ ձեզմէ կը սորվինք ու կ՚առնենք մեր ուղղութիւնը մեր ծառայական կեանքին մէջ»։

Ճաշկերոյթի աւարտին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր յղեց հայրապետական օրհնութեան խօսմը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ի պատիւ իրեն կազմակերպուած ճաշկերոյթին համար եւ խօսելով մարդու արժէքին ու դերակատարութեան մասին՝ ըսաւ. «Մարդն է, որ կը շինէ իրեն վստահուած այս աշխարհը, միաժամանակ մարդն է, որ կը քանդէ զայն, երբ հաւատարիմ չէ Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուած պատասխանատուութեան։ Նոյնպէս մարդն է թէ՛ պետութիւնը, թէ՛ եկեղեցին, համայնքը եւ կառոյցները շինողն ու քանդողը։ Այսօր, մեր ներկայ իրականութեան մէջ, մեր համայնքային, ազգային ու եկեղեցական կեանքէն ներս շինող, կերտող ու ծառայող մարդու, նոյնպէս խոհեմ ու հեռատես ղեկավարութեան կարիքը ունինք։ Պահ մը նայեցէք ձեր շուրջ, մարդու պակաս կայ ամէն տեղ. որակ ու տեսլական ունեցող մարդու, իր անձէն վեր արժէքներու ու իտէալներու համար յանձնառու կերպով ծառայող մարդու»։ Նորին Սուրբ Օծութիւնը շարունակելով իր խօսքը՝ նշեց. «արժէքներու անկում կայ մեր շուրջը։ Մասնագէտ ու փորձառու երիտասարդներ սկսած են հեռանալ մեր կեանքէն։ Հայաստանը կարիքը ունի վերականգնումի, նոյնիսկ փրկութեան։ Այլեւս վեր մնանք ճղճիմ հաշիւներէ, անձնակեդրոն ու միակողմանի շահերէ. հեռու մնանք մեր ազգին ներուժը ջլատող ու միասնականութիւնը քանդող մօտեցումներէ։ Միշտ ըսած ենք ու պիտի կրկնենք.- համախմբում ու համախոհութիւն` ընդհանրական ու գերագոյն արժէքներու շուրջ, համազգային օրակարգի մը շուրջ։ Ձերբակալութիւններով ու ամբաստանութիւններով չենք կրնար Հայրենիքը հզօրացնել ու ազգին միասնականութիւնը ամրապնդել։ Մենք կոչուած ենք ընտրելու ա՛յն ճամբան, որ մեզ կ՚առաջնորդէ դէպի Հայրենիքի փրկութիւնը ու ազգին հզօրացումը», ըսաւ Հայրապետը։ Ապա, անդրադառնալով ծառայութեան կարեւորութեան, որպէս տիպար օրինակ, Վեհափառ Հայրապետը յիշեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որ Լիբանանէն սկսեալ մինչեւ Գանատա ու Հայաստան, համայնքային, կուսակցական ու պահանջատիրական մարզերէն ներս առանցքային դեր ստանձնած է, ինչպէս նաեւ Գանատայի թեմի կազմաւորման մէջ կարեւոր նպաստ բերած է։

Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ մեր կառոյցներու կենսաւորման մէջ կարեւոր նպաստ ունին նաեւ մեր բարերարները։ Այս ծիրէն ներս, ան անդրադարձաւ Գէորգ Չաթալպաշեանի ու Գառնիկ Եագուպեանի (որոնց ընտանիքները ներկայ էին ճաշկերոյթին) կարեւոր բարերարութիւնները։ Արդարեւ, երկու բարերար ընտանիքներ, որոնք Սուրբ Էջմիածինի ու Անթիլիասի մէջ, նաեւ՝ Սուրիոյ, Լիբանանի ու Հայաստանի, իրենց կարեւոր բարերարութիւններով մեծ նպաստ բերած են մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան ու ազգին վերակառուցման աշխատանքներուն, նշեց Նորին Սրբութիւնը։

Ճաշկերոյթէն ետք ներկաներուն յանձնուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին 30-ամեայ գահակալութեան նուիրուած նկարազարդ քաթալոկը։