ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՍՏԵՂԾԵԼՈ՞Ի, ԹԷ ԳՏՆԵԼՈՒ ՀԱՐՑ

Կ’ապրինք այնպիսի մշակոյթի մը մէջ, ուր ինքնութիւնը կը ներկայացուի որպէս անձնական ստեղծագործութիւն. «ինքզինքդ կերտէ», «սիրածդ ըրէ»՝ այս կարգի խրախուսանքները կը լսուին ամէն կողմէ։ Հասարակութիւնը մարդուն կը մղէ ստեղծելու ինքզինք՝ զգացումներու, նորաձեւ միտքերու կամ ընկերային ճնշումներու հիման վրայ։

Սակայն այս տեսակ ինքնութիւնները, նոյնիսկ եթէ ժամանակաւոր յաջողութիւն ապահովեն, խորքին մէջ անկայուն ու փխրուն կը մնան։ Ի վերջոյ, եթէ մարդը իր ինքնութեան միակ ճարտարապետն է, ապա ո՞ւր է Աստուծոյ դերը անոր մէջ, որ մարդու ստեղծիչն ու ապաւէնն է։

Ուստի անհրաժեշտ է մտածել եթէ մեր ինքնութիւնը բան մըն է, զոր մենք կը ստեղծե՞նք, թէ բան մըն է, զոր պէտք է բացայայտենք։ Սաղմոսագիրքը այս հարցին կը պատասխանէ, ըսելով. «Գիտցէք, թէ Տէրը՝ ի՛նքն է Աստուածը. Ան մեզ ստեղծեց, եւ մենք Անորն ենք» (Սղ 100.3)։ Այլ խօսքով, մենք կը պատկանինք Աստուծոյ, որովհետեւ Աստուած մեզ ստեղծեց։

Աստուածաշունչը կը վկայէ, որ մարդը պատահական գոյութիւն մը չէ, այլ Աստուծոյ սիրոյ եւ նպատակադրութեան արդիւնքն է։ Մեր արմատները մեր Արարիչին մտքին ու կամքին մէջ են։ Արդ, իսկական ինքնութիւնը կը սկսի միայն այն ատեն, երբ ճանչնանք մեր Արարիչը։

Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ․ «Ոեւէ մէկը որ Քրիստոսի միացած է՝ նոր արարած է. այլեւս չէ՛ այն՝ ինչ որ էր նախապէս, որովհետեւ ամբողջութեամբ նորոգուեցաւ» (Բ. Կր 5.17)։ Ահաւասիկ աւետարանը ցոյց կու տայ, որ Քրիստոս մեր ինքնութեան աղբիւրն է։ Ինքնութիւն մը, որ Քրիստոսով կը դառնայ հաստատ, իմաստաւոր եւ յաւիտենական։ Մենք կը սկսինք տեսնել մենք զմեզ ոչ թէ մեր աչքերով, այլ Աստուծոյ աչքերով՝ որպէս արժէքաւոր, սիրուած եւ նպատակ ունեցող արարածներ։

Աստուծոյ ճշմարտութիւնը կը վերաբերի բոլոր տարիքի եւ իրավիճակի մէջ գտնուող մարդոց։ Երիտասարդը, որ կը ճնշուի ինքնադրսեւորման պահանջներով, հանգիստ կը գտնէ հասկնալով, թէ ինք նպատակի մը համար ստեղծուած է։ Մեծահասակը, որ կը մտածէ թէ կորսնցուցած է իր ինքնութիւնը, կը յիշէ, թէ Աստուած երբեք չի մոռնար իր ստեղծածը։ Ան որ կը զգայ թէ անարժէք է, կը յիշէ իր անսահման արժէքը՝ Քրիստոսի զոհողութեան լոյսին տակ։

Հաւատքը, Աստուծոյ Խօսքին հնազանդութիւնը եւ Քրիստոսի հետ կապը՝ այն մթնոլորտն են, ուր ինքնութիւնը կը բացայայտուի եւ կը խորանայ, ուր կը հասկնանք թէ ինքնութիւնը շնորհ մըն է, ոչ թէ ձեռք բերուած վաստակ մը։

Այսօր, աւելի քան երբեք, պէտք է մերժենք այն գաղափարը, թէ մարդը կրնայ ինքզինք սահմանել՝ առանց Աստուծոյ։ Այս սխալ ըմբռնումը ոչ միայն թափառանք եւ հոգեկան անկայունութիւն կ’առաջացնէ, այլ նաեւ կը հեռացնէ մարդը այն լոյսէն, որուն մէջ միայն ինքզինք կրնայ ճշմարիտ կերպով տեսնել։

Ան որ կ’ուզէ ճանչնալ ինքզինքը, պէտք է նախ ճանչնայ Աստուած։ Որովհետեւ, ինչպէս Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ՝ «Քրիստոս է ձեր կեանքը» (Կղ 3.4)։ Եւ երբ Քրիստոս կ’ըլլայ մեր կեանքի կեդրոնը, մեր ինքնութիւնը կը ստանայ իր ճշմարիտ իմաստը՝ հաստատ, լուսաւոր եւ յաւիտենական։

Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան