Ուրբաթ 5 Սեպտեմբեր 2025-ի կէսօրին Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցի այցելեցին, Մոնթրեալէն ժամանած խումբ մը Ուխտաւոր հայորդիներ, որոնք դէպի Գէմպրիճ ուղեւորութեան ընթացքին կանգառ մը կատարեցին։
Ուխտաւորները դիմաւորուեցան եկեղեցւոյս Հոգեւորականաց դասուն կողմէ։
Հաւաքական «Տէր Ողորմեա» երգեցողութենէն ետք Գերպատիւ Հայր Սուրբը «Ուխտ» բառին բացատրութիւնը տալէ ետք Տէրունական Աղօթքը երգուեցաւ, որմէ ետք ներկաները սիրոյ սեղանի շուրջ եկեղեցւոյ տիկնաց յանձնախմբումի կողմէ հիւրընկալուեցան ներքնասրահէն ներս։