ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՈՒՆԵՑԱՒ ԻՐ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒԸ

Շաբաթ, 8 Նոյեմբեր 2025-ի երեկոյեան, Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ` Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան, ընկերակցութեամբ եկեղեցւոյս Հոգաբարձութեան ատենապետ` Բրշ.Կարօ Սրկ. Սարգիսեանի, հոգաբարձութեան ատենադպիր` Բրշ. Սարգիս Սրկ. Կիտանեանի, ինչպէս նաեւ Տարօն Սրկ. Հալլաճեանի ներկայ գտնուեցան Պատուելի Զոհրապ Սարգիսեանի Վերապատուելի ձեռնադրութեան եւ պաշտօնակոչութեան պաշտամունքին:

Աւարտին, Արժանապատիւ Տէր Հայրը յանուն Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ` Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեանի, Եկեղեցւոյս Հոգեւոր Տեսուչ` Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանի, Հոգաբարձութեան եւ Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ ընտանիքին շնորհաւորեց Վերապատուելի Զոհրապ Սարգիսեանի ձեռնադրութիւնը եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց ի Փառս Աստուծոյ եւ ի Պայծառութիւն Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ: