Ջերմագին սիրով և խոնարհութեամբ կը շնորհաւորեմ բոլոր մանկավարժներուն՝ մաղթելով քաջառողջութիւն, երջանկութիւն եւ ծով համբերութիւն։ Դուք կրթութեան եւ դաստիարակութեան սահմանապահներն էք, ինքնատիպ առաքեալներ եւ նուիրումի կենդանի օրինակ։ Սէր և մնայուն արժէքներ կը սերմանէք Ձեր աշակերտներուն սրտերուն մէջ, մտածել սովորեցուցէք անոնց, ամէնօրեայ կրթութեան ջահը միշտ վառ պահեցէք անոնց հոգիներէն ներս եւ արժանի դարձուցէք Ձեր ցանած բարի սերմերու քաղցր պտուղները ճաշակելու։ Թող Աստուծոյ Օրհնութիւնը միշտ անպակաս ըլլայ Ձեր կեանքէն, իսկ Սահակ-Մեսրոպեան անկոտրում ոգին առաւել զօրացնէ ձեզ։
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան