ԵՐՐՈՐԴ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆԸ

Տէրոջը՝ քու Աստուծոյդ՝ անունը պարապ տեղ բերանդ չառնես. Վասն զի Տէրը իր անունը պարապ տեղ բերան առնողը անմեղ պիտի չսեպէ։

Երրորդ պատուիրանը կը զգուշացնէ մեզ, որ Աստուծոյ անունը սովորական ձեւով չգործածենք. Աստուած անընդունելի կը համարէ զայն։ Մեր իրականութեան մէջ որքա՜ն բնական սովորութիւն եղած է Աստուծոյ անունը զուր գործածել երդուելով, առանց մտածելու որ Ան մեր արարիչն է եւ Տէրը ստեղծուածներուն։

Դեռ չենք խօսիր անխոհեմ երդումներուն մասին, երբ մարդիկ կը պարտաւորուին իրենց չուզածը ընել, որովհետեւ Աստուծոյ անունով երդում ըրած են, ինչպէս աւետարանին մէջ Հերովդէս թագաւորը, որ ուրախութեան մէկ պահուն, իր հիւրերուն առջեւ, երդում կ’ընէ Հերովդիայի դուստրին ուզածը տալ։ Աղջիկը իր մօր թելադրանքով, Յովհաննէս Մկրտիչին գլուխը ուզեց, որովհետեւ ան իրենց ամուսնութեան արգելք էր։ Հերովդէս, թէեւ գիտէր որ Յովհաննէս Մկրտիչ մեծ մարգարէ մըն էր, եւ որուն միշտ մտիկ կ’ընէր, ստիպուեցաւ գլխատել տալ անոր, քանի երդում ըրած էր բոլորին առջեւ։ 

Անխոհեմ երդումներէն անկախ, կան սուտ երդումները. Մարդիկ Աստուծոյ անունը զուր տեղ կը գործածեն, վկայ կը բերեն արարիչը, իրենց սուտը ծածկելու համար։ Այդպիսիներուն, Մատթէոս աւետարանին մէջ Յիսուսի խօսքը ուղղութիւն պէտք է ըլլայ. Յիսուս կ’ըսէ. «Բնա՛ւ երդում մի՛ ընէք, ո՛չ երկինքի վրայ՝ որովհետեւ Աստուծոյ գահն է, ո՛չ երկրի վրայ՝ որովհետեւ անոր ոտքին պատուանդանն է, ո՛չ Երուսաղէմի վրայ՝ որովհետեւ Մեծ Թագաւորին՝ Աստուծոյ քաղաքն է, եւ ո՛չ ալ քու գլխուդ վրայ երդում ըրէ, որովհետեւ չես կրնար մազ մը իսկ ճերմկցնել կամ աւելցնել։ Պարզապէս ձեր Այոն Այո թող ըլլայ եւ Ոչը՝ Ոչ։ Անկէ աւելին չարէն կու գայ» (Մտ 5։33-37)։ Բոլոր անոնք, որոնք երդում կ’ընեն կամ երդումի մը ականջալուր կ’ըլլան, պէտք է մտածեն եւ յիշեցնեն, որ ան չարէն կու գայ, կ’ըսէ Յիսուս։ 

Սակայն, եկէք խօսքին գոյութիւն ունեցող երդման բազմաթիւ արարողութիւններուն մասին, որ այսօր գոյութիւն ունին։ Օրինակ, զինուորի մը իր Հայրենիքին համար, բժիշկի մը, դատարանի մը մէջ վկայի մը կամ այլ երդման արարողութիւններուն մասին։  

Անոնք հոգեւոր երդում չեն։ Այդ արարողութիւնները անփոփոխ, վստահելի եւ հաստատուն խարիսխի են, որով երկու կողմեր ուխտի կամ համաձայնութեան մէջ կը մտնեն։ Օրինակ, զինուորը՝ իր հայրենիքին հետ, անոր սահմանները քաջաբար պահելու եւ պաշտպանելու։ Ուրեմն, մարդկային եւ հասարակական կենցաղավարութեան համար երբեմն կ’օգտագործուի երդման արարողութիւնը, որ տարբեր է հոգեւոր պատուիրանէն։ Զինուորի մը երդումը կը բարձրացնէ իր զգաստութիւնը իր Հայրենիքին եւ ժողովուրդին հանդէպ. Դատարաններուն մէջ երդուեալ խօսքերը շատ անգամ կեանքի եւ մահուան հարցեր կը լուծէ։ 

Եկեղեցական կեանքին մէջ հոգեւորականներն ալ կ’երդուեն հաւատարիմ մնալ Աստուծոյ եւ ժողովուրդին. սուրբ պսակի խորհուրդի ժամանակ զոյգերը եւս կ’երդուեն մինչեւ մահ հաւատարիմ մնալ իրար։

Աստուած արդար Հայր է, եւ սիրտերը ճանչցող Աստուած է եւ ոեւէ մէկը երբ պարտաւորուի մարդկային ուխտի պատասխանատուութեան վկայութիւն տալ, անպարտ է Արարիչին առջեւ։ Բայց սովորական, առօրեայ խօսակցութեան, կամ կենցաղային հարցերով երդում ընել ընդունելի չէ Աստուծոյ։

Վերջապէս, Աստուծոյ անունը պարար տեղ բերանդ չառնես. Գիտէի՞ր որ «Աստուած» բառը Տիրոջ անունը չէ։ Աստուած պարզապէս «գերագոյն էակ» կը նշանակէ։ Նախաքրիստոնէական շրջանին, Վահագն ալ աստուած կը կոչուէր, Աստղիկն ալ, Անահիտն ալ։ 

Աստուած՝ գերագոյն էակը անուն ունի՞։ Յաջորդ յօդուածով կը խօսքին այդ մասին։

Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան