Ծաղկազարդին, երիտասարդութեան աշխուժութիւնը եւ ծնողներու առաջնորդութիւնը կը միանան՝ ստեղծելու հզօր եւ իմաստալից տօնակատարութիւն մը։ Այս օրը կը նշէ Յիսուսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ, երբ ժողովուրդը զայն դիմաւորեց արմաւենիի ճիւղերով՝ ուրախութեամբ եւ յոյսով։ Այսօր ալ շատ եկեղեցիներու մէջ այդ նոյն ոգին կը վերակենդանանայ երեխաներու եւ երիտասարդներու մասնակցութեամբ, որոնք կը մասնակցին թափօրներուն, իրենց ձեռքերուն կը բռնեն արմաւենիի ճիւղերը եւ կ’երգեն խանդավառութեամբ։ Անոնց ներկայութիւնը կու տայ կեանք, շարժում եւ նորոգումի զգացում, յիշեցնելով, որ հաւատքը ապրող եւ զարգացող իրականութիւն մըն է։
Երիտասարդները կարեւոր դեր ունին, որովհետեւ անոնք Եկեղեցւոյ ապագան են։ Անոնց մասնակցութիւնը ցոյց կու տայ, որ աւանդութիւնները չեն մարիր, այլ կը շարունակուին անցեալի թափով։ Երբ երեխաները կը մասնակցին, անոնք միայն դիտորդ չեն, այլ կ’ապրին պատմութիւնը իրենց անձնական փորձառութեամբ, կառուցելով կապ մը, որ կրնայ տեւել ամբողջ կեանքի ընթացքին։
Միեւնոյն ժամանակ, ծնողները մեծ պատասխանատուութիւն կը կրեն։ Անոնք են, որ իրենց զաւակներուն կը փոխանցեն հաւատքի իմաստը։ Իրենց առաջնորդութեամբ, երեխաները կը սորվին Ծաղկազարդի խոր իմաստը՝ ոչ միայն տօնակատարութիւնը, այլեւ խոնարհութեան, զոհաբերութեան եւ յոյսի պատգամը։ Ծնողները օրինակ կու տան՝ իրենց զաւակները եկեղեցի տանելով, քաջալերելով զանոնք մասնակցելու եւ ցոյց տալով, թէ ինչպէս հաւատքը կ’ապրի առօրեայ կեանքին մէջ։
Երբ ծնողներն ու երիտասարդները միասին կը մասնակցին Ծաղկազարդին, ան կը դառնայ աւելի քան սովորական աւանդութիւն մը. ան կը դառնայ սիրոյ, ուսուցման եւ հոգեւոր աճի միասնական փորձառութիւն մը։ Այսպիսի պահերուն մէջ է, որ հաւատքը կը փոխանցուի, կը զօրանայ եւ կը նորոգուի՝ ապահովելով, որ անոր պատգամը շարունակէ ներշնչել գալիք սերունդները։
Մ․Ս․Ճ․
THE ROLE OF YOUTH DURING PALM SUNDAY
On Palm Sunday, the energy of youth and the guidance of parents come together to create a powerful and meaningful celebration. This day marks Jesus’ triumphant entry into Jerusalem, where crowds waved palm branches in joy and hope. In many churches today, that same spirit is brought to life through children and young people who lead processions, carry palms, and sing with excitement. Their presence adds life, movement, and a sense of renewal, reminding everyone that faith is something living and growing, not just something to be remembered.
Youth play a vital role because they represent the future of the Church. Their participation shows that traditions are not fading but continuing with strength and purpose. When children take part, they don’t just observe – they experience the story in a personal way, building a connection that can last a lifetime.
At the same time, parents carry a deep responsibility. They are the ones who shape how their children understand faith. Through their guidance, children learn the meaning behind Palm Sunday – not just the celebration, but also the message of humility, sacrifice, and hope. Parents lead by example: bringing their children to church, encouraging them to participate, and showing them how faith is lived in everyday life.
When parents and youth come together on Palm Sunday, it becomes more than a tradition—it becomes a shared experience of love, teaching, and spiritual growth. It is in these moments that faith is passed down, strengthened, and renewed, ensuring that its message continues to inspire future generations.
D.M.J