
Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի, 19 Սեպտեմբեր 2025-ի երեկոյեան, ժամը 8:30-ին, տեղի ունեցաւ երիտասարդական հաւաքը եւ Սուրբ Գիրքի հերթական սերտողութիւնը։
Սերտողութիւնը վարեց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան, որ ներկայացուց Մարկոս Աւետարանի 3-րդ գլուխը։ Սերտողութեան աւարտին, հայր սուրբը սիրով պատասխանեց ներկաներու բազմաթիւ հարցումներուն, եւ հետաքրքրական ու կառուցողական մտքերու փոխանակումով երեկոյեան ուսուցողական մասը իր աւարտին հասաւ։
Ապա, յանձնախումբի ատենապետուհի՝ Տիկ. Աննա Սղման Թուլումճեան, ներկայացուց յառաջիկայ ծրագիրներն ու ձեռնարկները եւ առաջնորդեց ընկերային պահը։ Երեք խումբերու բաժնուած, երիտասարդները հաճելի եւ ուրախ ժամանակ անցուցին քարաոքէով, եւ հաւաքը իր աւարտին հասաւ ժամ 11:00-ին։