
Չորեքշաբթի, 17 Սեպտեմբեր 2025-ի, երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Յանձնախումբը, կազմակերպեց երիտասարդական հաւաքն ու Սուրբ Գիրքի հերթական սերտողութիւնը։

Սերտողութիւնը վարեց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան։ Նիւթ էր՝ Մարկոսի Աւետարանին երկրորդ գլուխը, որ հայր սուրբը ներկայացուց վերլուծական բացատրութիւններով եւ հոգեւոր մեկնաբանութիւններով. Իսկ ներկաները մասնակից դարձան իրենց հարցումներով եւ մտքերու փոխանակումներով։

Երեկոն շարունակուեցաւ ընկերային ժամով ու խաղով. Օրուան շահողը Աւետարան մը ստացաւ իբրեւ յուշ եւ օրհնութիւն։
