Հայ ըլլալ եւ հայ մնալ սփիւռքին մէջ մեծ մարտահրաւէր է հայ երիտասարդին համար։
Երիտասարդները կեանքի դժուարութիւններու մէջ կը սկսին մխրճուիլ եւ դիւրին չէ երբեմն այս մարտահրաւէրներուն յաղթել։
Հետեւեալ երեք կետերով կ’ուզեմ յայտնել իմ մօտեցումս՝ թէ հայ երիտասարդը ինչպէ՞ս կրնայ դէմ դնել այս մարտահրաւէրներուն:
Առաջին.- Սփիւռքի մէջ դժուար է երիտասարդներուն համար երկու տարբեր արժէքներ պահել եւ նաեւ դժուար է երկուքը հաւասարակշռել։ Ուրիշ բառերով, դիւրին չէ երկու տարբեր մշակոյթներու հետեւիլ եւ միաժամանակ պահպանել ու կառչիլ իրենց հայրերու արմատներուն՝ նոր ու օտար միջավայրի մէջ: Սփիւռքի մէջ աճող հայ երիտասարդները կը փորձեն հաւասարակշռել իրենց հայկական արմատները շրջապատի ու երկրի արժէքներուն ու մշակոյթին: Անոնք կը փորձեն պահպանել լեզուն, աւանդութիւնները, ընտանիքի հին սովորութիւնները, բայց միեւնոյն ատեն կը յարմարին նոր երկրի կենցաղին, կեանքին, դպրոցին ու ընկերային միջավայրին։ Այս երկու աշխարհներուն համատեղումը երբեմն դժուար է, սակայն անոնք հպարտութեամբ կը շարունակեն պահել իրենց ինքնութիւնը եւ հայկական ոգին՝ ուր ալ գտնուին։ Ասիկա մեծ մարտահրաւէր մըն է, որ կը կրենք ու պարտինք պատուով կրել մեր ուսերուն վրայ:
Երկրորդ.- պէտք է որ երիտասարդները աւելիով ու առաւելագոյն չափով կենսաւորեն, սորվին եւ ոգեւորուին իրենց մշակոյթով եւ պէտք է մասնակցին բոլոր տեսակի գործունէութիւններուն՝ պարին, երգին, խմբային թէ անհատական արտասանական թէ քերականութեան մրցումներուն, երգչախումբերուն, եւյլն, որոնք մեր կապը կը զօրացնեն մեր մշակոյթին հետ եւ աւելիով կ’ամրապնդեն Հայ մնալը սփիւռքի մէջ։ Նոյնպէս ալ, երիտասարդները պէտք է մօտենան եկեղեցիին եւ զօրացնեն իրենց հաւատքը եւ կապը մեր հաւատամքին եւ ծէսին հետ, որովետեւ եկեղեցիով նաեւ կրնայ սփիւռքի մէջ ապրող հայ երիտասարդը իր մշակոյթը պահէ։
Երրորդ.- Ի վերջոյ, ամենէն կարեւոր եւ հեշտ գործունէութիւնը երիտասարդներուն համար ա՛յն է, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոս հռչակեց 2025 տարուան համար՝ «Աւանդութիւններու Վերակենսաւորման Տարի» անունին տակ։ Վեհափառի շեշտած խօսքերը, որ սփիւռքի մէջ ապրող երիտասարդները պետք է պահեն ու սորվին իրենց ժողովուրդի աւանդութիւնները, լեզուն ամուր պահեն որովհետեւ եթէ չպահենք, կամաց-կամաց պիտի սկսինք մաշիլ եւ սպառիլ։
Օրինակներ տալու համար, եկեղեցին եւ մեր ազգը տարուան իր կարեւոր աւանդութիւնները ունի, ինչպէս՝ Տեառնընդառաջը, Ս. Աստուածածնի տօնին մատաղ շինելը՝ հերիսան, համբարձումը, Վարդավառը, Ս. Սարգիսի եւ սրբանուններու տօներու եւ անուանակոչութեանց աւանդական, ընտանեկան հաւաքները, Ս. Ծննդեան Աւետումի եւ այլ կարեւոր աւանդութիւններ որ եկեղեցիին եւ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ տեղ կը գրաւեն։ Պէտք է շարունակենք հին աւանդութիւններու եւ տօներու այս սովորութիւնները գործադրել մեր կեանքին մէջ։
Եզրափակելու համար՝ ամուր հաւատքով եւ առանց յոգնելու պէտք է որ մեր ազգը առաջ երթայ եւ շնորհիւ իր երիտասարդութեան՝ մեր ազգի ապագան դառնայ պանծալի, տէրը, պահապանը եւ շարունակողը մեր նախնիներու աւանդութիւններուն ու մշակոյթին։
Նիքըլըս Ֆրէնտեան