The youth are involved in many groups within the Church, including Deacons, Choirs, Sunday School, the Digital Media Committee, and the Christian Education Committee.
The Deacons
Serving on the altar as deacons is deeply meaningful for many youths, drawing them closer to Christ. By holding candles, they proclaim Christ as the Light of the world and signify divine guidance and prayer. The flabellum symbolizes the holy cherubim who guard the sacred place and represent the heavenly hosts. In contrast, the censer signifies the human soul, in which spiritual fire burns away earthly desires and lifts prayers to God as a pleasing offering.
The Choirs

Joining the church choirs, whether junior or senior, helps youth learn the hymns of the Armenian Orthodox Church, a rich tradition of sacred chant preserved in the Hymnal (Sharagnots) and sung during the Divine Liturgy (Badarak). These hymns feature ancient melodies for feasts, saints, and daily prayer, shaped by poetic and biblical themes and enriched by the writings of the saints.
Sunday School
Sunday School teaches youth about the life of Jesus Christ, from His birth to His resurrection. Students learn about both the Old Testament and the New Testament of the Holy Bible, including the Lord’s Prayer, as well as other prayers that guide daily life, such as prayers for waking up, eating, travelling, and sleeping.
The Digital Media Committee
Youth help connect believers to the Church by sharing upcoming events and highlighting the five Cardinal (Daghavar) Feasts: Holy Nativity and Theophany (January 6), Easter (Zadig), Transfiguration (Vartavar), Assumption of the Holy Mother of God (Asdvadzadzin), and Exaltation of the Holy Cross (Khatchverats). They also inform the faithful about the Church’s fasting seasons, including Great Lent (Medz Bahk), Advent (Hisnag), and the weekly fasts on Wednesdays and Fridays (except during Eastertide and the octave of Theophany)
The Christian Education Committee
The Christian Education Committee (CEC) organizes Bible studies, during which clergy deliver teachings and sermons to instruct believers in the teachings of Christianity. The CEC consists of youth who regularly bring new ideas—such as games and trivia—to the clergy, helping attract both newcomers and the faithful to the Church to learn more about their faith and identity.
Hagop Geragosian
Երիտասարդութեան ներգրաւուածութիւնը Եկեղեցւոյ մէջ
Երիտասարդները եկեղեցւոյ մէջ ներգրաւուած են բազմաթիւ խումբերու մէջ՝ սարկաւագներ, երգչախումբեր, կիրակնօրեայ դպրոց, թուային եւ տպագիր Մետիա Յանձնախումբ եւ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Յանձնախումբ։
Սարկաւագները
Սուրբ Սեղանին վրայ սարկաւագութեան ծառայութիւնը շատ երիտասարդներու համար խորապէս իմաստալից է՝ զանոնք աւելի մօտեցնելով Քրիստոսին։ Մոմերը բռնելով՝ անոնք կը հռչակեն Քրիստոսը իբրեւ աշխարհի Լոյսը եւ կը խորհրդանշեն աստուածային առաջնորդութիւն ու աղօթք։ Քշոցը (Հովահարը) կը խորհրդանշէ սուրբ քերովբէները, որոնք կը պահեն սրբավայրը եւ կը ներկայացնեն երկնային զօրքերը, իսկ բուրվառը կը նշանակէ մարդկային հոգին, ուր հոգեւոր կրակը կը մոխրացնէ երկրային ցանկութիւնները եւ աղօթքները կը բարձրացնէ առ Աստուած՝ իբրեւ հաճելի ընծայ։
Երգչախումբերը
Եկեղեցւոյ երգչախումբերուն միանալը՝ ըլլայ կրտսեր թէ աւագ, կ’օգնէ երիտասարդներուն սորվելու Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ շարականները՝ սրբազան երգեցողութեան հարուստ աւանդութիւն մը, որ պահպանուած է Շարակնոցին մէջ եւ կ’երգուի Սուրբ Պատարագին ընթացքին։ Այս օրհներգութիւնները կը պարունակեն հին մեղեդիներ՝ տօներու, սրբոց յիշատակութիւններու եւ առօրեայ աղօթքի համար, կերտուած բանաստեղծական ու աստուածաշնչեան թեմաներով եւ հարստացած՝ սուրբերու գրութիւններով։
Կիրակնօրեայ դպրոց
Կիրակնօրեայ դպրոցը երիտասարդներուն կը սորվեցնէ Յիսուս Քրիստոսի կեանքը՝ Իր ծնունդէն մինչեւ Իր Յարութիւնը։ Աշակերտները կը ծանօթանան Սուրբ Գիրքի Հին Կտակարանին եւ Նոր Կտակարանին, կը սորվին Տէրունական Աղօթքը, ինչպէս նաեւ այլ աղօթքներ, որոնք կ՛ուղղեն առօրեան՝ արթնցնելուն, ուտելուն, ճամբորդելուն եւ քնանալուն համար։
Թուային եւ տպագիր Մետիա Յանձնախումբը

Երիտասարդները կ՛օգնեն հաւատացեալները Եկեղեցւոյ հետ կապուած պահելու՝ տարածելով մօտալուտ ձեռնարկներու լուրերը եւ շեշտելով հինգ Տաղաւար տօները՝ Սուրբ Ծնունդ եւ Աստուածայայտնութիւն (Յունուար 6), Զատիկ, Վարդավառ, Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխումը (Աստուածածին) եւ Խաչվերաց։ Անոնք նաեւ հաւատացեալներուն կը տեղեկացնեն Եկեղեցւոյ պահեցողութեան շրջաններուն մասին՝ Մեծ Պահք, Յիսնակ, ինչպէս նաեւ շաբաթական պահքերը՝ չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերուն (բացառութեամբ Զատկական ժամանակաշրջանին եւ Աստուածայայտնութեան ութօրեակին)։
Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Յանձնախումբը
Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Յանձնախումբը (ՔԴՅ) կը կազմակերպէ Աստուածաշունչի սերտողութիւններ, որոնց ընթացքին հոգեւորականները դասեր եւ քարոզներ կը ներկայացնեն՝ հաւատացեալներուն քրիստոնէական վարդապետութեան մէջ ուղղորդելու համար։ ՔԴՅ-ն կազմուած է երիտասարդներէ, որոնք պարբերաբար նոր գաղափարներ կը ներկայացնեն հոգեւորականներուն՝ օրինակ՝ խաղեր եւ հարցախաղեր (trivia), եւ այդպիսով կը նպաստեն, որ թէ՛ նորեկներ եւ թէ՛ հաւատարիմներ աւելի մեծ հետաքրքրութեամբ գան Եկեղեցի՝ իրենց հաւատքն ու ինքնութիւնը աւելի լաւ ճանչնալու համար։
Յակոբ Կիրակոսեան