ՑԱՒԻ ՆՊԱՏԱԿԸ

Իբր մարդ արարած, միշտ մեղք գործելու շեմին ենք ու կարիք ունինք Յիսուսի օրինակին մօտենալու: Եթէ Իրեն յանձնած ենք ղեկը մեր կեանքին, Ա՛ն կ’որոշէ մեր կեանքի պայմանները: Իսկ Աստուած միշտ առիթներ կը ստեղծէ, որպէսզի մեզի ուղղէ դէպի Քրիստոնեայի վայել կենցաղ մը, օգտագործելով  ծանր ու մեղմ միջոցներ:

Երբ մեր կեանքի պայմանները կատարեալ են եւ չունինք ոչ մէկ տագնապ որ մեզ կը մտահոգէ, կը դիմե՞նք Աստուծոյ: Երբ մարտահրաւէր մը դիմագրաւելու օգնութեան կարիք չունինք, գիշեր-ցերեկ կը պաղատի՞նք ու կ’աղաչե՞նք Աստուծոյ փրկութեան համար: Երբ ուրախ ու հանգիստ ենք, անդադար կը յայտնե՞նք մեր երախտապարտութիւնը Աստուծոյ աղօթելով եւ հետը ժամ անցընելով:

Յաճախ, դժուար պայմաններու մէջ է որ կը մօտենանք Աստուծոյ: Երբ մեր մարդկայնութիւնը մեզ կը դաւաճանէ, կը ստիպուինք հաշտուիլ մեր սահմանափակ կարողութիւններուն հետ: Այս պահերուն կը վերյիշենք Աստուծոյ անսահման ուժը եւ կը խնդրենք աստուածային միջամտութիւն՝ մեր ցաւը մեղմացնելու: Այս ընթացքին կը զիջինք Անոր կամքին ու մեր «ես»ը ինքնաբերաբար կը նահանջէ: Այս վստահութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւնը մեր հաւատքը կը զօրացնէ ու մեր կեցուացքը կ’առնէ կերպարը զաւակի մը, որ իր սիրելի հօրը ուղղութեանը կը կարօտի:

Առանց դժուարութեան կեանք մը Աստուծմէ նուէր չէ, այլ՝ խաբկանք է սատանայէն: Երբ ուրախ պայման մը ոչ մէկ ձեւով մեզի կը մղէ որ զօրանանք, դասեր քաղենք, Աստուծոյ մօտենանք կամ ծառայենք, պէտք է մենք մեզի հարցնենք եթէ այս պարզապէս արդիւնքն է մեր մեղաւոր կենցաղին հանդէպ մեր անձայն գոհունակութեան:

Լոռի Պէրպէրեան