«ՔԱՆԻ ՈՐ ՆՈՐ ԵՐԿԻՆՔ ԵՒ ՆՈՐ ԵՐԿԻՐ ՊԻՏԻ ՍՏԵՂԾԵՄ»
Եսայի մարգարէութեան 65-րդ գլուխին մէջ Տէրը կը յայտնէ, թէ մեղաւորներուն գործած բոլոր անօրէնութիւնները առանց վարձատրութեան, այսինքն՝ առանց պատիժի պիտի չմնան: Կը խօսի, թէ ինչպէս Իր ընտրեալ ժողովուրդը յամառելով կը յամառէր մեղքի մէջ մնալ: Թէ ինչպէս կը մերժէր Իր խօսքը լսել եւ իրեն համար կուռքեր կը շինէր ու զանոնք կը պաշտէր: Տէրը կ′ըսէ. «Դուք ձգեցիք զԻս, սուրբ լեռս մոռցաք եւ դեւերուն սեղանի դրիք՝ բախտի աստուծոյն համար բաժակ բարձրացնելով: Ես ալ ձեզ սուրի պիտի մատնեմ ու բոլորդ պիտի կոտորուիք, որովհետեւ կանչեցի ձեզ, բայց չլսեցիք, խօսեցայ, բայց դուք ականջ չդրիք, Իմ առջեւս չարութիւն կատարեցիք եւ ինչ չէի ցանկար, ա՛յն ընտրեցիք» (Ես 65.11-12): Արդարեւ, անոնք որոնք Աստուծմէ կը հեռանան եւ առատութեան կամ յաջողութեան մէջ կ′ապրին, կը կարծեն թէ ա՛յդ է կեանքը: Աւելին, կը կարծեն թէ իրենք ճիշդ ուղղութեան վրայ են, որովհետեւ թէ՛ հարստութիւն, թէ՛ իշխանութիւն եւ թէ՛ ալ յաջողութիւն ունին: Իրականութեան մէջ, սակայն, ինչպէս Ժողովողին Հեղինակը կ′ըսէ. «Ունայնութիւն ունայնութեանց»: Այդ բոլորը ունայնութիւն են, որովհետեւ Աստուած ներկայ չէ իրենց կեանքին մէջ, իսկ ուր Աստուած չկայ՝ այնտեղ եղող ամէն ինչ ժամանակաւոր եւ անօգուտ կը դառնան:
Մեզմէ շատեր յաճախ կը մտածեն ըսելով, Աստուած չի՞ տեսներ այսինչին կեանքը, որ այդքան հարստութիւն կամ յաջողութիւն տուած է անոր: Աստուած չի՞ նկատեր, թէ այսինչը ինչքա՜ն անարդար կը վարուի իր ենթականերուն հետ, ինչո՞ւ այդքան իշխանութիւն տուած է անոր: Աստուած, ամէն ինչ կը տեսնէ սիրելիներ, ամէն ինչ կը լսէ, նոյնիսկ գիտէ մեր խորհուրդները: Սակայն, սիրող Հայր ըլլալով բոլորին ժամանակ կու տայ, որպէսզի դարձի գան եւ փրկուին, որովհետեւ «Աստուած ո՛չ թէ մեղաւորին մահը կը կամենայ, այլ՝ դարձի գալն ու փրկուիլը» ( Եզ 18.23): Միւս կողմէ սակայն, եթէ մարդիկ շարունակեն մեղքերու մէջ մնալ, նոյնիսկ եթէ արդարները շեղուին իրենց ճանապարհԷն ու զԱստուած բարկացնեն, ապա ո՛չ միայն իրենց արդար գործերը պիտի չյիշուին, այլ՝ իրենց մեղքերուն մէջ պիտի մեռնին (Եզ 18.24):
Իւրաքանչիւր մարդ իր գործերուն հատուցումը պիտի ստանայ: Անոնք որոնք հիմա հանգիստ ու բարօր կեանք կ′ապրին՝ Աստուծմէ հեռու, ժամանակ պիտի գայ երբ կաթիլ մը ջուր պիտի ուզեն, սակայն տուող պիտի չըլլայ իրենց (Ղկ 18.19-31): Մինչ անոնք որոնք, հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններու եւ փորձութիւններու, կառչած կը մնան Աստուծոյ եւ կը ծառայեն ու կը պաշտեն զԻնք՝ Աստուծմէ վարձատրութիւն պիտի ստանան: Թէ մեղաւորներուն եւ թէ արդարներուն համար հետեւեալ հատուցումը պիտի տրուի՝ ըստ Աստուծոյ խոստումին. «Ահաւասիկ անոնք, որ կը ծառայեն Ինծի, պիտի ուտեն, իսկ դուք [մեղաւորները] անօթի պիտի մնաք. ահաւասիկ անոնք, որ կը ծառայեն Ինծի, պիտի խմեն, իսկ դուք ծարաւ պիտի մնաք. ահաւասիկ անոնք, որ կը ծառայեն Ինծի, պիտի ուրախանան, իսկ դուք ամօթով պիտի մնաք: Ահաւասիկ անոնք, որ կը ծառայեն Ինծի, սիրտի ուրախութեամբ պիտի ցնծան, իսկ դուք ձեր սիրտի ցաւէն պիտի աղաղակէք, ձեր հոգիի կսկիծէն պիտի ողբաք: Ձեր անունը Իմ ընտրեալներուս նողկանքի համար պիտի ձգէք, եւ Տէրը ձեզ պիտի մեռցնէ: Իմ ծառաներուս նոր անուն պիտի տրուի, որ երկրի վրայ պիտի օրհնաբանուի: Որպէսզի օրհնեն ճշմարիտ Աստուածը, երկրի վրայ երդուողները ճշմարիտ Աստուծմով պիտի երդուեն, առաջուան նեղութիւնը պիտի մոռնան, այլեւս իրենց միտքը պիտի չբերեն» (Ես 65.13-16): Ի՜նչ մեծ օրհնութիւն կը սպասէ հետեւաբար, բոլոր անոնց, որոնք համբերութեամբ կը տանին ժամանակաւոր այս կեանքին դժուարութիւնները, իսկ ի՜նչ ահաւոր տանջանք ու պատիժ կը սպասէ բոլոր անոնց, որոնք այս ժամանակաւոր կեանքին մէջ բարիքներ կը վայելեն՝ մերժելով զԱստուած ու ուրանալով Անոր բարերարութիւններն ու օրհնութիւնները իրենց կեանքերէն ներս:
Արդարներուն՝ Տիրոջ հաւատարիմներուն պարագային, Աստուած ուրիշ բարի աւետիս մըն ալ կու տայ, ըսելով. «Քանի որ նոր երկինք եւ նոր երկիր պիտի ստեղծեմ, առաջուանները այլեւս պիտի չիյշեն եւ իրենց միտքը պիտի չբերեն: Ուրախութիւն եւ ցնծութիւն պիտի գտնեն այս բանին մէջ, ինչպէս Ես պիտի հաստատեմ: Ահա Ես Երուսաղէմը ցնծութեան համար կը ստեղծեմ եւ Իմ ժողովուրդս՝ ուրախութեան համար: Պիտի ցնծամ Երուսաղէմով, պիտի ուրախանամ Իմ ժողովուրդովս. անոր մէջ այլեւս լացի ձայն եւ կամ բօթի ձայն պիտի չհնչէ.» (Ես 65.17-19):
Ի՞նչ է այս նոր Երկինքը եւ նոր Երկիրը, Երուսաղէմը: Մեկնիչներէն շատեր կ′ըսեն թէ այն Քրիստոսի հիմնած Եկեղեցին է: Աւելին, Քրիստոսի նորոգած մարդուն հոգին ու մարմինն են, որոնք ներդաշնակօրէն իրարու միացան՝ ընդունելով եւ ենթարկուելով Սուրբ Հոգիին:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան