
«Տէ՛ր, սիրեցի Քու Տանդ վայելչութիւնը, եւ վայրը՝ ուր կը բնակի քու փառքդ» (Սաղմոս 25:8):
Ուրբաթ, 21 Նոյեմբեր 2025-ին, եկեղեցւոյ «Ազնաւորեան» Դպրաց Դասը համա-խմբուեցաւ՝ եկեղեցւոյ ընդհանուր մաքրութիւն մը կատարելու համար։ Անոնք, նախանձախնդիր Աստուծոյ Տան հանդէպ, ժամեր տրամադրեցին Տիրոջ Սուրբ Տունը մաքուր եւ պատուական պահելու համար։
Յայտնենք նաեւ, որ խումբ մը նուիրեալ անհատներ անխտիր ամէն շաբաթ վաղ առաւօտ եկեղեցի կու գան եւ մեծ նուիրումով կը զբաղին Տիրոջ Տան մաքրութեամբ՝ իրենց խոնարհ ծառայութիւնը բերելով Աստուծոյ։ Անոնք մեր եկեղեցւոյ լուսարարները կը կոչուին։

Շնորհակալութիւն մեր լուսարարներուն եւ դպրաց դասի բոլոր անդամներուն՝ իրենց նուիրումին, սիրոյն եւ ծառայողական ոգիին համար, որով մեր եկեղեցին միշտ պայծառ կը մնայ։