«Եկեղեցին այսօր եւս անցեալի աւանդութեան եւ ժառանգին կրաւորական ստացողը չէ պարզապէս։ Եկեղեցին հաւատքին կանչուած եւ անոր շուրջ խմբուած եւ անով ապրող համայնքն է. բայց այդ հաւատքը միայն իր սրտին ու մտքին մէջ խոստովանող եւ զայն այնտեղ ծածուկ պահող ու բանտող մարմինը չէ։
Եկեղեցին նաեւ ակնկառոյց յոյսով փրկութեան միտող համայնքն է. բայց միայն ձեռնածալ կերպով սպասող հաւաքականութիւնը չէ։
Եկեղեցին կեանքով եւ մանաւանդ ԱՌԱՒԵԼ ԿԵԱՆՔ-ով եռո՛ւն համայնք է, գործօ՛ն մարմին է, վկայո՛ղ հաւաքականութիւն է։
Եւ մենք ենք այդ եկեղեցին, Քրիստոսի բանաւոր մարմինը, Աստուծոյ փրկութեան յաւիտենական ծրագրին հաղորդ եւ աշխարհի վրայ անոր յառաջացման եւ իրագործման համար աշխատելու սահմանուած, ընտրուած անդամները։
Այլ խօսքով՝ «աստուածային գործին մարդկային» ձեռքերը»։
Զարեհ Արք. Ազնաւորեան