Եթէ Հաւատք Ունենայի, Այսպէս Պիտի Չզգայի

Քրիստոնէական կեանքին մէջ յաճախ կը կարծենք, թէ երբ Աստուծոյ կը վստահինք, ուրեմն պէտք չէ մտահոգուինք, պէտք չէ վախնանք, պէտք չէ ներքին անհանգստութիւն զգանք։ Կը մտածենք, թէ երբ մեր սիրտը ցաւի, միտքը խառնուի, գիշերը մեր քունը փախի հաւատքի մէջ թերացած. Կը մտածենք, «Եթէ հաւատք ունենայի, այսպէս պիտի չզգայի»։ Սակայն քրիստոնէական հաւատքը երբեք չի նշանակեր, թէ մարդը զգացումներ պիտի չունենայ։ Հաւատքը չի ջնջեր մարդկային տկարութիւնը, այլ Աստուծոյ ներկայութիւնը կը բերէ անոր մէջ։

Աստուծոյ վրայ վստահիլ եւ միեւնոյն ժամանակ մտահոգուիլ՝ իրար հակասող բաներ չեն միշտ։ Երբեմն անոնք նոյն հոգիին մէջ կը գտնուին։ Մարդը կրնայ աղօթել եւ տակաւին դողալ։ Կրնայ ըսել՝ «Տէ՛ր, Քեզի կը յանձնեմ», բայց սիրտը տակաւին ծանր ըլլայ։ Կրնայ գիտնալ, որ Աստուած բարի է, բայց առօրեայ խնդիրները՝ ընտանիք, առողջութիւն, աշխատանք, ապագայ, զաւակներ, պարտականութիւններ, հոգեկան ճնշումներ, նիւթական պարտաւորութիւններ, զինք դարձեալ անհանգիստ կը պահեն։

Աւետարանին մէջ աշակերտները փոթորիկի մէջ էին։ Քրիստոս նաւուն մէջ էր, բայց ալիքները տակաւին ուժգին էին։ Անոնք Տէրը ունէին իրենց հետ, սակայն վախցան։ Ահա հոն մեծ դաս մը կայ մեզի համար. Քրիստոսի ներկայութիւնը չի նշանակեր, թէ կեանքի ծովը երբեք պիտի չփոթորկի։ Բայց կը նշանակէ, թէ փոթորիկը վերջին խօսքը չունի։ Անոնք վախցան, բայց դիմեցին Քրիստոսի։ Եւ երբ մարդը իր վախով հանդերձ կը դառնայ Աստուծոյ, այդ արդէն հաւատքի նշան է։

Երբ մտահոգ (anxious) կը զգանք, պէտք չէ անմիջապէս մտածենք, թէ մեր հաւատքը կորսնցուցած ենք։ Մտահոգութիւնը երբեմն մարդկային մարմնին եւ հոգիին բնական արձագանգն է ճնշումի, անորոշութեան կամ ցաւի դիմաց։ Աստուած մեզ չի կանչեր ձեւացնելու, թէ ամէն բան լաւ է։ Ան մեզ կը կանչէ ճշմարտութեամբ ներկայանալու Իրեն։ Սաղմոսները լեցուն են աղաղակով, արցունքով, հարցումներով եւ վախով։ Բայց նոյն սաղմոսներուն մէջ կը գտնենք նաեւ վստահութիւն, յոյս եւ Աստուծոյ ողորմութեան ապաւինում։ Այս կը նշանակէ, թէ հաւատացեալ մարդը կրնայ միաժամանակ լալ եւ յուսալ։

Վստահութիւնը զգացում մը չէ միայն։ Վստահութիւնը որոշում մըն է՝ նոյնիսկ երբ զգացումները դեռ չեն խաղաղած։ Երբ մայր մը իր զաւկին համար կը մտահոգուի եւ կ’աղօթէ, ան չի դադրիր հաւատացեալ ըլլալէ։ Երբ երիտասարդ մը ապագային մասին կը վախնայ, բայց կը փորձէ Աստուծոյ կամքը փնտռել, ան հաւատքի ճամբուն վրայ է։ Երբ հիւանդ մը բուժումի ընթացքին կը տագնապի, բայց կը կրկնէ՝ «Տէ՛ր, ձեռքդ վրաս պահէ», այդ աղօթքը շատ թանկագին է Աստուծոյ աչքին։

Քրիստոս Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ Իր մարդեղութեան խորքը մեզի ցոյց տուաւ։ Ան տրտմեցաւ, խռովեցաւ, քրտինքը արիւնի կաթիլներու պէս եղաւ, բայց աղօթեց. «Հայր, ոչ թէ Իմ կամքս, այլ Քուկդ ըլլայ»։ Ահա վստահութեան ամենախոր պատկերը. ոչ թէ առանց տագնապի, այլ տագնապին մէջէն Աստուծոյ յանձնուիլ։

Ուստի, երբ մեր սիրտը խռոված է, պէտք չէ ամչնանք Աստուծոյ մօտենալու։ Ընդհակառակը, պէտք է ճիշդ այդ վիճակով երթանք Անոր մօտ։ Աղօթքը միշտ գեղեցիկ բառերու շարան չէ. երբեմն աղօթքը խոր հառաչանք մըն է։ Երբեմն միայն մէկ նախադասութիւն է. «Տէ՛ր, օգնէ ինծի»։ Եւ Աստուած կը լսէ այդ աղօթքը։

Հաւատքը չի պահանջեր, որ մենք անմարդկային ըլլանք։ Հաւատքը մեզ կը սորվեցնէ մարդկային ըլլալ Աստուծոյ ներկայութեան մէջ։ Մտահոգութիւնը կրնայ դուռ մը ըլլալ՝ ոչ թէ հեռանալու Աստուծմէ, այլ աւելի մօտենալու Անոր։ Երբ մեր ձեռքերը կը դողան, կրնանք զանոնք աղօթքի բարձրացնել։ Երբ մեր միտքը չի խաղաղիր, կրնանք մեր հոգին յանձնել Քրիստոսի խաղաղութեան։ Երբ չենք գիտեր ինչ պիտի ըլլայ վաղը, կրնանք վստահիլ Անոր, որ արդէն վաղուան մէջ ներկայ է։

Ուրեմն, մի՛ կարծեր, թէ քու մտահոգութիւնդ անպայման հաւատքի պակաս է։ Զայն Աստուծոյ առջեւ տար։ Ըսէ Անոր ճշմարտութիւնը՝ առանց կեղծելու, առանց ամչնալու։ Քրիստոս չի մերժեր խռոված սիրտը։ Ան կը մօտենայ, կը բռնէ, կը կանգնեցնէ եւ կամաց-կամաց Իր խաղաղութիւնը կը սերմանէ հոն, ուր մենք միայն վախ կը տեսնէինք։

Աստուծոյ վստահիլ չի նշանակեր միշտ խաղաղ զգալ։ Աստուծոյ վստահիլ կը նշանակէ՝ նոյնիսկ երբ խաղաղ չեմ զգար, գիտեմ որ մինակ չեմ։

Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան