
Կիրակի, Մարտ 29, 2026-ին, Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Դռնբացէքի հանդիսաւոր արարողութիւնը։
Հաւատքով ու աղօթքի տրամադրութեամբ համախմբուած, աւանդական շարականներով, աղօթքներով եւ խնկաբոյր ծուխով զարդարուած խորհրդաւոր պահը առաջնորդեցին եկեղեցւոյ հոգեւորականները, մասնակցութեամբ՝ Սարկաւագներուն, դպրաց դասի անդամներուն եւ հաւատացեալներուն։

Աւարտին, տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դաձած այն յուզիչ արարողութիւնը, որուն ընթացքին եկեղեցւոյ դռան մայր բանալիով, աղօթք կը բարձրացուի եւ կ՛օրհնուին մանուկներու բերանները, որպէսզի բացուին եւ միշտ փառաբանեն Տէրը։




