ԴԱՏԱՒՈՐԻ  ԿԻՐԱԿԻ

Ղուկասու Աւետարան (17.20-18.14)

         Քրիստոս այս առակով կը ներկայացնէ իր Երկրորդ Գալստեան հանգամանքները եւ անոնց համեմատութիւնը կը կատարէ Նոյի ու Ղովտի օրերուն հետ:

         Ի՞նչ կացութիւն պիտի ստեղծուի Անոր Երկրորդ Գալուստի պահուն:

         Մեր Տիրոջ՝ Յիսուսի քարոզները կ’ընդգրկեն խորհուրդներ, որոնք ժողովուրդին կը մեկնուին կամ կը բացայայտուին առակներով՝ մարգարէին խօսքին համաձայն. «Առակներով պիտի բանամ իմ բերանս ու աշխարհի սկիզբէն ի վեր ծածկուած բաները յառաջ պիտի բերեմ» (Սղ 78.2):

         Աւետարանական այս հատուածով Քրիստոս պատկերացում մը կու տայ Աստուծոյ Թագաւորութեան խորհուրդին եւ Իր երկրորդ գալուստի ժամանակին մասին, բնութեան օրէնքներէն օրինակ վերցնելով:

         Յիսուսի Թագաւորութեան յայտնութիւնը փայլակի նման պիտի ըլլայ, այդ կը նմանցուի Նոյի  օրերուն, երբ մարդոց կեանքը բնականոն կը կարծուէր. «Կ’ուտէին, կը խմէին, այր կամ կին կ’առնէին», կամ  ինչպէս Ղովտի օրերուն պատահեցաւ կրկին նոյն ձեւով. «Կ’ուտէին կը խմէին, կը ցանէին, կը տնկէին» եւ յանկարծ ջրհեղեղ կամ կրակ ու ծծումբ տեղաց եւ մարդիք կորսուեցան: (Ղկ 17.28-29):

         Օրուան խորհրդածութեան նիւթը՝ առանց ձանձրանալու աղօթելն է, որուն շարժառիթը կը հանդիսանայ Աստուծոյ Թագաւորութեան յանկարծակի յայտնութիւնը, Քրիստոսի Երկրորդ Գալուստով:

         Առակին մէջի Դատաւորը Տէրն է, որ այս պարագային կը խոնարհի մարդոցմէ չամչցող եւ Աստուծմէ չվախցող կերպարին առջեւ, ցոյց տալու համար, որ Ան իր գործերուն մէջ անկախ է, մարդոցմէ չի կաշառուիր եւ անոնց կամքին համեմատ չի շարժիր, ինչպէս նաեւ իրմէ վեր մէկը չկայ, որմէ կախեալ է եւ կամ գործելու համար կարծիք կը հարցնէ:

         Աստուած խոստացաւ իրեն հաւատացողները Երկնքի Թագաւորութեան արժանացնել, ասիկա բոլոր արդարներուն իրաւունքն է, որուն դէմ կ’աշխատի միշտ  Սատանան, իր աշխարհային ցանկութիւններու հմայքով իրաւազրկելու բոլորը Աստուծոյ կամքը կատարողներուն: Բոլոր հաւատացեալները աղօթքի ճամբով կը հաղորդակցին Աստուծոյ հետ եւ կը պայքարին Աստուծոյ հակառակ չար ուժերուն դէմ: Այն չար էակներուն՝ որոնք կը ցանկան արդարները յաւիտենական կորուստի առաջնորդել: Դատաւորի դրուագէն ետք Յիսուս կը պատմէ Փարիսեցիին եւ Մաքսաւորին առակը. (Ղկ 18.9-14), ուր կը խօսի աղօթքի մասին, յատկապէս՝ Աստուծոյ հաճելի եւ ընդունելի աղօթքի պայմաններուն մասին:

         Փարիսեցին եւ Մաքսաւորը տաճար կ’երթան աղօթելու: Աստուծոյ համար ո՞ւր աղօթելը կարեւոր չէ, կարեւորը ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ կ’աղօթենք: Երեւոյթները կարեւոր չեն: Աստուած երեւոյթներով չէ որ  կ’ընդունի կամ կը մերժէ մարդոց աղօթքները: Աստուած շատ լաւ գիտէ իւրաքանչիւրիս ներաշխարհը, եւ Իրեն համար հաւատքով, եւ մաքուր սրտով կատարուած աղօթքն է որ հաճելի է եւ լսելի:

         Վերջապէս Տէրը կ’ընդունի Մաքսաւորին աղօթքը որովհետեւ խոնարհաբար, հաւատքով եւ ամենայն անկեղծութեամբ աղօթեց, իսկ Փարիսեցիինը  կը մերժէ՝ որովհետեւ, հպարտութեամբ եւ այլամերժութեամբ կ’աղօթէր:

         Աստուած մեզմէ իւրաքանչիւրս, մեր ասպարէզին մէջ դատաւոր կարգած է, հետեւաբար պարտաւոր ենք, Քրիստոսի օրինակին հետեւելով, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ Սուրբ երկիւղը ունենալով մեր սրտերուն մէջ, գործենք՝ մաքրութեամբ, սրբութեամբ, իմաստութեամբ, հաւատարմութեամբ, անկեղծութեամբ եւ արդարութեամբ:

         Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս կ’ըսէ. «Խնդրեցէք Աստուծմէ եւ պիտի տայ ձեզի, փնտռեցէք  եւ պիտի գտնէք, բաղխեցէք եւ պիտի բացուի ձեզի» (Մտ 7.7):

         Դատաւորի Կիրակին իր զոյգ դրուագներու խորհուրդով թող լուսաւորէ մեր ուղին, որպէսզի առանց յուսահատութեան, անկեղծ եւ մաքուր հոգիով աղօթենք եւ միշտ աղօթենք առանց ձանձրանալու:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան