ԴԱՏԱՒՈՐԻ  ԿԻՐԱԿԻ

Քրիստոս այս առակով կը ներկայացնէ իր Երկրորդ Գալստեան հանգամանքները եւ անոնց համեմատութիւնը կը կատարէ Նոյի ու Ղովտի օրերուն հետ:

Ի՞նչ կացութիւն պիտի ստեղծուի Անոր Երկրորդ Գալուստի պահուն:

Մեր Տիրոջ՝ Յիսուսի քարոզները կ’ընդգրկեն խորհուրդներ, որոնք ժողովուրդին կը մեկնուին կամ կը բացայայտուին առակներով՝ մարգարէին խօսքին համաձայն. «Առակներով պիտի բանամ իմ բերանս ու աշխարհի սկիզբէն ի վեր ծածկուած բաները յառաջ պիտի բերեմ» (Սղ 78.2):

Դատաւորի Կիրակիի առակով,  Քրիստոս պատկերացում մը կու տայ Աստուծոյ Թագաւորութեան խորհուրդին եւ Իր երկրորդ գալուստի ժամանակին մասին, բնութեան օրէնքներէն օրինակ վերցնելով:

Յիսուսի Թագաւորութեան յայտնութիւնը փայլակի նման պիտի ըլլայ, այդ կը նմանցուի Նոյի  օրերուն, երբ մարդոց կեանքը բնականոն կը կարծուէր. «Կ’ուտէին, կը խմէին, այր կամ կին կ’առնէին», կամ  ինչպէս Ղովտի օրերուն պատահեցաւ կրկին նոյն ձեւով. «Կ’ուտէին կը խմէին, կը ցանէին, կը տնկէին» եւ յանկարծ ջրհեղեղ կամ կրակ ու ծծումբ տեղաց մարդոց վրայ եւ բոլորը  կորսուեցան: (Ղկ 17.28-29):

Օրուան խորհրդածութեան նիւթը՝ առանց ձանձրանալու աղօթելն է, որուն շարժառիթը կը հանդիսանայ Աստուծոյ Թագաւորութեան յանկարծակի յայտնութիւնը, Քրիստոսի Երկրորդ Գալուստով:

Առակին մէջի Դատաւորը Տէրն է, որ այս պարագային կը խոնարհի մարդոցմէ չամչցող եւ Աստուծմէ չվախցող կերպարին առջեւ, ցոյց տալու համար, որ Ան իր գործերուն մէջ անկախ է, մարդոցմէ չի կաշառուիր եւ անոնց կամքին համեմատ չի շարժիր, ինչպէս նաեւ իրմէ վեր մէկը չկայ, որմէ կախեալ է եւ կամ գործելու համար կարծիք կը հարցնէ:

Աստուած խոստացաւ իրեն հաւատացողները Երկնքի Թագաւորութեան արժանացնել, ասիկա՛ բոլոր արդարներուն իրաւունքն է, որուն դէմ կ’աշխատի միշտ Սատանան, իր աշխարհային ցանկութիւններու հմայքով, իրաւազրկելու  Աստուծոյ կամքը բոլոր կատարողներուն: Բոլոր հաւատացեալները աղօթքի ճամբով կը հաղորդակցին Աստուծոյ հետ եւ կը պայքարին Աստուծոյ հակառակ չար ուժերուն դէմ: Այն չար էակներուն՝ որոնք կը ցանկան արդարները յաւիտենական կորուստի առաջնորդել:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան