Շատերդ գիտէք այն տասը պատուիրանները, որ Աստուած Մովսէսին յանձնեց Սինա Լերան վրայ. Ցաւոք, շատեր լսած չեն այդ մասին, կամ չեն գիտեր թէ որոնք են այդ տասը թելադրութիւնները, որ Աստուած Մովսէսին ձեռքով իր ժողովուրդին ուզեց փոխանցել։
Այս եւ գալիք 10 յօդուածներով պիտի անդրադառնամ անոնց մասին, որպէսզի վերյիշենք, ծանօթանանք եւ հաղորդ դառնանք մեր Արարիչին կամքին։
Աստուածաշունչը կ’ըսէ, Տիրոջ պատուիրանները՝ ճրագ ու օրէնքը լոյս է (Առակաց 6.23). իսկ առանց այդ առաջնորդող լոյսին, մարդ կը կորչի մեղքին ապականութեան մէջ ու սիրտին մէջ մահաբեր խաւարը կը թափանցէ։ Ահաւասիկ, ինչու բոլորս ալ կոչուած ենք ճանչնալու, բայց մանաւանդ պահելու, Աստուծոյ պատուիրանները, որ ապականիչ չար սերմերն ու որոմները կը մաքրէ մեր հոգեւոր կեանքէն, որպէսզի պտուղ տանք «մէկի տեղ՝ երեսուն, մէկի տեղ՝ վաթսուն ու մէկի տեղ՝ հարիւր» (Մր 4.20)։
Մենք երբեմն-երբեմն անսահման ու անհուն տիեզերքի ներդաշնակութեամբ նայելով չե՞նք զարմանար, թէ ի՞նչ զօրութիւն կը պատէ այս բոլորը եւ կանգուն կը պահէ ծովը, լեռները, աստղերը, մոլորակները եւ ամբողջ ստեղծագործութիւնը. չե՞նք զարմանար բնութեան զարմանահրաշ գեղեցկութեամբ ու անքննելի օրէնքներով որով բնութիւնը եւ ստեղծագործութիւնը կը շարժի։
Տասնաբանեայ պատուիրաններուն հեղինակը նոյն Աստուածն է. Իսկ զանոնք պահելը գեղեցիկ ներդաշնակութիւն կը ծնի։
Դաւիթ սաղմոսերգուն կ’ըսէ, «երկինքը Աստուծոյ փառքը կը պատմէ, երկնակամարը անոր արարչութեան կը վկայէ» (Սղ 19.1). Մենք ալ կոչուած ենք Աստուծոյ փառքը պատմելու մեր կեանքով. Բայց խոստովանինք, քիչեր միայն «Աստուծոյ Օրէնքին պահանջները իրենց սրտերուն մէջ գրուած ունին, որուն կը վկայէ իրենց խիղճը» (Հռ 2.15)
Տասը պատուիրանները շատ կարեւոր են։ Ինչո՞ւ։ Եթէ կարդաք Աստուածաշունչը, պիտի տեսնէք որ Մովսէս մարգարէին միջոցաւ փոխանցուած օրէնքները, գրուած էին Արարիչին Աջով (Բ. Օր 5.22), որով Աստուած այդ օրէնքներուն համամարդկային ըլլալն ու անփոփոխութիւնը հաստատեց։
Ահա այդ պատուիրանները քաղուած Բ. Օրինաց 5-րդ գլուխէն։ 1. «Ես եմ Եհովան՝ քու Աստուածդ, որ քեզ Եգիտպտոս երկրէն, ծառայութեան տունէն, հանեցի. Ինձմէ զատ ուրիշ Աստուածներ չունենաս։ 2. Դուն քեզի կուռք չշինես, ո՛չ վերը երկինքի մէջ, կամ վարը՝ երկրի վրայ, կամ երկրի տակի ջուրերուն մէջ եղած բաներուն մէկ նմանութեամբը. Անոնց երկրպագութիւն չընես ու զանոնք չպաշտես. Վասն զի ես՝ քու Տէր Աստուածդ՝ նախանձոտ Աստուած եմ, որ կը հատուցանեմ հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն, մինչեւ անոնց երրորդ ու չորրորդ ազգը, որոնք կ’ատեն զիս. Եւ կ’ողորմիմ անոնց մինչեւ հազար ազգը, որոնք կը սիրեն զիս ու իմ պատուիրաններս կը պահեն։ 3. Տիրոջը՝ քու Աստուծոյդ անունը՝ պարապ տեղ բերանդ չառնես. Վասն զի Տէրը իր անունը պարապ տեղ բերան առնողը անմեղ պիտի չսեպէ։ 4. Հանգստեան օրը զգուշութիւն ըրէ որ սուրբ պահես, ինչպէս քու Տէր Աստուածդ քեզի պատուիրեց։ Վեց օր պիտի աշխատիս ու բոլոր գործերդ ընես. Բայց եօթներորդ օրը Տիրոջը քու Աստուծոյդ հանգստութեան օրն է. Այդ օրը գործ մը չգործես, ո՛չ դուն, ո՛չ քու որդիդ, ո՛չ քու աղջիկդ, ո՛չ քու ծառադ ու աղախինդ, ո՛չ քու եզդ ու էշդ, ո՛չ քու անասունդ, ո՛չ ալ քու տանդ մէջ եղած օտարականը, որպէս զի քու ծառադ ու աղախինդ ալ քեզի պէս հանգստանան։ Միտքդ բեր թէ դուն Եգիտպոսի երկրին մէջ ծառայ էիր ու քու Տէր Աստուածդ զօրաւոր ձեռքով ու բարձր բազուկով քեզ անկէ հանեց. Անոր համար քու Տէր Աստուածդ քեզի պատուիրեց որ հանգստեան օրը պահես։ 5. Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, ինչպէս քու Տէր Աստուածդ քեզի պատուիրեց, որպէս զի քու օրերդ երկար ըլլան ու քեզի աղէկ ըլլայ այն երկրին մէջ, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի պիտի տայ։ 6. Սպաննութիւն մի՛ ըներ։ 7. Շնութիւն մի՛ ըներ։ 8. Գողութիւն մի՛ ըներ։ 9. Քու դրացիիդ դէմ սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ։ 10. Քու դրացիիդ կնոջ մի՛ ցանկար. քու դրացիիդ տանը կամ անոր արտին կամ անոր ծառային կամ անոր աղախինին կամ անոր եզին կամ անոր իշուն կամ քու դրացիիդ ոեւէ մէկ բանին մի՛ ցանկար։
Յաջորդ յօդուածով իւրաքանչիւրը պիտի քննենք առանձին եւ փորձենք ի յայտ բերել այն խորհուրդներն ու յորդորները որ անոնք ունին։
Վերջապէս, անգամ մը մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, երբ պատուիրաններ կ’ուսուցանէր ըսաւ. «մի՛ կարծէք թէ եկայ Մովսէսի Օրէնքը կամ մարգարէներու ուսուցումները ջնջելու. Չեկայ ջնջելու, այլ ամբողջացնելու… ով որ ամենափոքր պատուիրանն իսկ զանց ընէ եւ ուրիշներուն ալ այդպէս սորվեցնէ, երկինքի արքայութեան մէջ յետինը պիտի նկատուի։ Իսկ ով որ գործադրէ պատուիրանները եւ ուսուցանէ, մեծ պիտի ըլլայ երկինքի արքայութեան մէջ» (Մտ 5.17-19)
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան