
Շաբաթ, 6 Սեպտեմբեր 2025-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, նախագահեց Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ Կիրակնամտից Ժամերգութիւնը։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին աղօթակից էին՝ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանը, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժնմունքի Վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպկանը եւ Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժն. Տ. Նշան Քհնյ. Մանուկեանը։
Ժամերգութեան աւարտին, Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս, տեղի ունեցաւ Անդաստանի արարողութիւն եւ Աղի օրհնութեան կարգ։

Կիրակի, 7 Սեպտեմբեր 2025-ին, Մուսա Լերան Հերոսամարտի եւ Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Սուրբ Նշան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ, Գէմպրիճ։
Սուրբ Պատարագին Առաջնորդ Սրբազան Հօր սպասարկեցին՝ Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեանը եւ Հոգշ. Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեանը։
Սուրբ Խորանէն երգեցողութիւնը կատարեց՝ Արժն. Տ. Նշան Քհնյ. Մանուկեանը։
Իր քարոզին ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց Գէմպրիճի Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին ու Հոգաբարձութեան, ինչպէս նաեւ Գէմպրիճի Հայ Կեդրոնէն ներս գործող բոլոր միութիւններու աշխատնքը։
Սուրբ Պատարագէն ետք, հոգահանգիստ կատարուեցաւ Մուսա Լերան հերոսամարտի քաջամարտիկներու յիշատակին եւ ապա կատարուեցաւ Մատաղի օրհնութիւն։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ