ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ ԵՒ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍԵՐՈՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՔԻՆԿՍԹԸՆԻ ՄԷՋ

19 Յուլիս 2025-ին, կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին, Օնթարիոյի Քինկսթըն քաղաքին մէջ գումարուեցաւ Թեմիս Սարկաւագներու եւ Դպրաց Դասերու տարեկան համախմբումը՝ հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի։

Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի Վարիչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան, բացումը կատարեց համախմբումին, որ սկիզբ առաւ Առաւօտեան Ժամերգութեամբ։ Մասնակիցները ժամանած էին Թեմիս եկեղեցիներէն, մէկտեղելով աւելի քան 80 Սարկաւագներ, Կիսասարկաւագներ, դպրիրներ ու դպրուհիներ։

Օրակարգը առաջին հերթին սկսաւ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանի խորհրդածութեամբ:

Հայր Սուրբը որպէս բնաբան ընտրած էր Քրիստոսի հետեւեալ խօսքը. «Ես ոչխարներս կը ճանչնամ, անոնք իմ ձայնս կը լսեն եւ կը հետեւին ինծի, եւ ես անոնց յաւիտենական կեանք կու տամ. անոնք բնաւ պիտի չկորսուին» (Յովհաննէս 10:27-28)։

Հայր Սուրբի խորհրդածութենէն ետք, Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեան առաջնորդեց ծանօթացման (Icebreaker) բաժինը։

Օրուան թեման էր՝ «Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ծառայողներու Ինքնութիւնը»:

Առաջին նիւթն էր՝ «ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ ՔՐԻՍՏՈՍՈՎ», որ ներկայացուց՝ «Դանիական Հայկական Բարեգործական Առաքելութիւն» Կազմակերպութեան Գործադիր Տնօրէն՝ Պրն. Արշաւիր Գաբուճեան:

Երկրորդ նիւթն էր՝ «ՀԱՍԿՆԱՆՔ ՄԵՐ ԴԵՐԸ՝ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ», որ ներկայացուց՝ Թեմիս Սարկաւագներէն՝ Բարեշնորհ Տարօն Սրկ. Հալլաճեան:

Երրորդ նիւթն էր՝ «ՍՈՒՐԲ ԽՈՐԱՆԷՆ ԱՆԴԻՆ ԴԷՊԻ ԱՇԽԱՐՀ», որ ներկայացուց՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան:

Սիրոյ Սեղանի դադարէն ետք մասնակիցները վերլուծական խմբային աշխատանք մը ունեցան։

Աւարտին, Բաժանմուքը կազմակերպած էր զարգացման մրցում մը հիմնուած Աստուածաշունչի վրայ, որ ստեղծեց դաստիարակչական հաճելի պահեր։ Զարգացման մրցումին առաջին երեք դիրքերը ապահովող մասնակիցները Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ նուէրներ ստացան։

Համախմբումը իր աւարտին հասաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ