
Գանատայի Հայոց Թեմի հոգեւորականաց դասը՝ նախագահութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, այս տարի եւս, 9-10 Սեպտեմբեր 2025-ին, Maison de spiritualité des Trinitaires վանքին մէջ, տեղի ունեցաւ երկօրեայ համախմբում, որուն նպատակն էր հոգեպէս վերանորոգուիլ եւ վերալիցքաւորուած լծուիլ հովուական ու եկեղեցական առաքելութեան:
Արդարեւ, Երեքշաբթի առաւօտեան, համախմբումը սկիզբ առաւ Տէրունական աղօթքով: Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ուղղեց իր խօսքը, նախ ողջունելով հոգեւոր հայրերը, գնահատելով անոնց նուիրումն ու մատուցած ծառայութիւնը։ Ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ երկօրեայ այս համագումարը բոլորին համար դառնայ ինքնաքննութեան եւ վերանորոգութեան առիթ։
Համագումարի օրակարգը բովանդակալից էր, կ՚ընդգրկէր աղօթքի պահեր, Աստուածաշնչական խորհրդածութիւններ, ժամերգութիւններ, հոգեւոր մտամփոփման պահեր, կարծիքներու եւ փորձառութեանց փոխանակում, ինչպէս նաեւ հովուական, ծիսական եւ վարչական խնդիրներու արծարծում:
Եզրափակիչ իր խօսքին մէջ, Բաբգէն Արքեպիսկոսպոս անգամ մը եւս գնահատեց հոգեւոր հայրերը, կոչ ուղղելով բոլորին շարունակելու նոյն սիրով եւ բծախնդրութեամբ իրենց վստահուած առաքելութիւնը։
Հոգեպարար այս օրերը, Գանատայի Հայոց Թեմի հոգեւորականաց դասուն համար առիթ հանդիսացան Աստուծոյ հետ ըլլաու եւ բաժնեկցելու իրենց մտորումները, խորհրդածութիւններն ու ներշնչումները, եւ վերանորոգ յանձնառութեամբ վերադառնալու իրենց համայնքները եւ շարունակելու ծառայութիւնը։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ