ԱՆԴԱՍՏԱՆ
Ի՞նչ է անդաստանը։

Անդաստանը աշխարհի չորս ծագերը օրհնելու Հայ Եկեղեցւոյ յատուկ արարողութիւն մըն է, ուր կը խնդրուի Աստուծմէ՝ արտերու պտղաբերութիւն եւ արգասաւորութիւն տայ։ Սկզբնական շրջանին, անդաստանի արարողութիւնը կը կատարուէր եկեղեցիէն դուրս՝ արտերու եւ այգիներու մէջ, ինչպէս որ այսօր տեղ¬տեղ կը կատարուի, բայց առհասարակ կը կատարուի Եկեղեցւոյ Ատեանին մէջ։
Արարողութեան ժամանակ հոգեւորականաց դասը խաչով, խաչվառով ու Աւետարանով նախ կ’օրհնեն Արեւելքը եւ այնտեղ գտնուող Հայոց Հայրապետութիւնն ու Հանրապետութիւնը, Ս. խաչին եւ Ս. Աւետարանին նշանով՝ յանուն Ամենասուրբ Երրորդութեան։ Ապա կ’օրհնուի Արեւմուտքը եւ այնտեղ գտնուող քրիստոնեայ բոլոր թագաւորութիւններն ու ազգերը։ Հարաւէն կ’օրհնուին երկիրները, անդաստանները եւ տարուան պտղաբերութիւնն ու հունձքը։ Իսկ Հիւսիսէն՝ վանքերը, անապատները՝ (անապատ) կը նշանակէ Ճգնաւորներու ապրած վայրերը, ինչպէս նաեւ քաղաքներն ու գիւղերը եւ անոնց բնակիչները։
ՏՆՕՐՀՆԷՔ
Ինչո՞ւ կարեւոր է տնօրհնէքը։

Քրիստոնէական շատ եկեղեցիներու մէջ ներկայ է այս աւանդութիւնը։ Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, Յիսուսի Ս. Ծննդեան ու Ս. Յարութեան տօներու յաջորդող օրերուն, քահանայ հայրերը կ’այցելեն իրենց համայնքի ծուխերու տուները, եւ մեր Տիրոջ Ս. Ծննդեան ու Ս. Յարութեան աւետիսը կը փոխանցեն հաւատացեալներուն, եւ անոնց տուները կ’օրհնեն, որպէսզի Աստուած հովանի ու պահապան ըլլայ անոնց, փրկէ զանոնք չարին բոլոր տեսակի յարձակումներէն ու հիւանդութիւններէն եւ յաջողէ անոնց գործերն ու աշխատանքները։
Տնօրհնէքի աւանդութիւնը եկած է Յիսուսի տասներկու աշակերտներէն, որոնք տուները երթալով Տիրոջ Աւետիսը կը փոխանցէին ու զԱստուած կը փառաբանէին։
Տնօրհնէքի ժամանակ քահանան կ’օրհնէ հացը, աղը եւ ջուրը, որպէսզի Աստուած անպակաս ընէ իր օրհնութիւնը եւ բարիքները այդ տան վրայէն։
Ժե. Շարունակելի