Սեպտեմբեր 27-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան Երեւանէն մեկնեցաւ Գիւմրի, ուր հիւրընկալուեցաւ «Միասին» կազմակերպութեան հիմնադիր-նախագահ Աստղիկ Մառանջեանի եւ կազմակերպութեան տնօրէնուհի Սաթենիկ Յովհաննիսեանի կողմէն։
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ խումբ մը արցախահայեր, որոնք 2024 թուականին մասնակցած էին Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի եւ «Միասին» կազմակերպութեան համագործակցութեամբ իրականացուած ծրագրերուն, որոնք էին՝ հաւաքական մկրտութիւնն ու «Արցախ մեր տուն…» ծրագրի նախաձեռնութիւնները։
Աստղիկ Մառանջեանը շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր՝ իր օրհնութիւններուն համար յատկապէս սոյն այցով, ինչպէս նաեւ արցախահայերուն յատուկ ծրագիրներուն Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի համագործակցութեան Արցախցի եւ Գիւմրեցի կանանց ձեռքերով պատրաստուած անուշեղէններու հիւրասիրութենէն ետք, կազմակերպութեան նախագահը Գերաշնոր Սրբազան Հօր ներկայացուց կեդրոնի բաժիններն ու իրականացուող ծրագրերը. «Միասին»-ի Եռայարկ շէնքը ունի նկարչական ցուցասրահ, ուր յաճախ կը կազմակերպուին ցուցահանդէսներ, «Աշկերտներու Կեդրոն», ուր կը կազմակերպուին բազմաբնոյթ անվճար դասընթացներ, ուսանողական հիւրատուն, ինչպէս նաեւ արցախցի եւ գիւմրեցի կանանց ու աղջիկներու կողմէ պատրաստուած անուշեղէններու արտադրամաս եւ սրճարան։
Բաբգէն Արքեպիսկոպոս գնահատեց «Միասին»-ի տարած մեծածաւալ եւ կարեւոր աշխատանքը, որ կը նպաստէ արցախցի եւ գիւմրեցի երիտասարդներու եւ երեխաներու բազմակողմանի զարգացման, արուեստի գործերու գնահատման եւ տարածման, ինչպէս նաեւ կանանց ու տարեցներու կեանքի թեթեւացման ու արդիւնաւէտութեան։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ