Աւագ Հինգշաբթի, 5 Ապրիլ 2026-ի առաւօտեան ժամը 8։00-ին, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ կարգ ապաշխարողաց ժամերգութիւնը, որմէ ետք, Նախագահութեան Գանատայի Թեմի Հայոց Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ պատարագը որով յիշատակուեցաւ Վերջին Ընթրիքն ու Սուրբ Հաղորդութեան հաստատումը։
Ս. Պատարագը մատուցեց՝ Հոգշ. Տէր Յակոբ Վրդ. Եագուպեան։ Քարոզի փոխարէն կարդացուցեաւ Հաղորդութեան մասին Սուրբ Բարսեղ Հայրապետի գրած աղօթքը Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ: Պատարագի աւարտին, հաւատացեալները Ս. Հաղորդութիւն ստացան:







