Մատթէոսի Աւետարան (5.17-48)
Մեծ Պահոց երկրորդ Կիրակին կը կոչուի Արտաքսման Կիրակի եւ օրուան խորհրդածութեան նիւթը կ’անդրադառնայ մարդու սկզբնական մեղքին եւ անոր անկումին:
Ադամն ու Եւան չպահեցին Աստուծոյ կողմէ իրենց տրուած առաջին «Պահքը» եւ ճաշակեցին «Բարիի եւ Չարի գիտութեան պտուղը»:
Արգիլեալ պտուղի ճաշակումը մարդկային կեանքի առաջին մեղքը եղաւ: Ոչ թէ պտուղը չար էր, այլ մարդուն Աստուծոյ չհնազանդիլն էր չարութիւնը:
Անոնք դրախտէն վտարուեցան ոչ թէ մեղանչած ըլլալնուն համար, այլ մեղքը չխոստովանելնուն համար: Ադամ մեղադրեց Եւային. «Այն կինը որ ինծի հետ ըլլալու տուիր, ան զիս խաբեց, ինծի պտուղը տուաւ եւ ես կերայ» ըսաւ Ադամ: Իսկ Եւան ըսաւ. «Օձը զիս խաբեց, եւ ես կերայ»: (Ծնն 3.13-14):
Դրախտէն արտաքսուիլը, ոչ թէ միայն Ադամին եւ Եւային նիւթական աշխարհի մէջ յայտնուիլը եղաւ, այլ իսկական պատիժը՝ Աստուծոյ Կենդանարար ներկայութենէն զրկուիլը:
Արտաքսումը մեզի ցոյց կու տայ, որ մեղքի մէջ ապրող մարդը չի կրնար Աստուծոյ ներկայութեան մէջ ապրիլ:
Տիեզերքի եւ մարդու ստեղծագործութենէն ետք, Եդեմի պարտէզին մէջ մարդը կը գործէ առաջին մեղքը: Մեղքը աշխարհ մուտք կը գործէ մարդուն հպարտութեան եւ անհնազանդութեան պատճառով: Սակայն Աստուծոյ ողորմութիւնը եւ գութը իր արարածներուն հանդէպ կը մարմնաւորուի, Փրկիչին գալուստին ու մարդկութեան փրկութեան խոստումով:

Երբեք մենք զմեզ Ադամի եւ Եւայի կացութեան եւ վիճակին մէջ դրա՞ծ ենք, թէ ի՞նչ պիտի ընէինք, կամ ի՞նչ որոշում պիտի առնէինք: Աստուած ամէն բարիք եւ հանգստաւէտութիւն շնորհեց անոնց: Այլ խօսքով՝ Աստուած Ադամին ազատութիւն սահմանեց: Ադամէն պահանջուածը ստեղծագործութեան հանդէպ՝ նախանձախնդրութիւն, արարածներու յարաբերութեան մէջ՝ արթնութիւն, ուշիմութիւն եւ հասկացողութիւնը ու Աստուծոյ պատուիրաններուն նկատմամբ՝ հաւատարմութիւն ցուցաբերելն էր: Աշխարհի ամենէն երջանիկ մարդն իսկ, չի կրնար չմեղադրել կամ արդարացնել զայն՝ Աստուծոյ Օրէնքին զանցառումին համար:
Ամէն փորձութիւն արդիւնք է մարդու մարմնաւոր եւ հոգեւոր ցանկութիւններուն: Սատանան կ’աշխատի մարդը շեղել իր գոյութեան նպատակէն ու պատճառէն: Կարելի՞է երեւակայէլ, որ օձը պատճառ դառնայ մարդուն անկումին: Կը հասնինք այն եզրակացութեան, որ այդ անկումին ետեւ կանգնողը Սատանան ինքն էր:
Սուրբ Գրքի մէջ կը կարդանք թէ ինչպէ՞ս Սատանան կը մօտենայ Եւային, իր առանձնութեան մէջ. եւ ինչպէ՞ս կը գործէ օձին ճամբով, ինչպիսի՞ ճարպիկութեամբ կ’այլափոխէ Աստուծոյ խօսքերը եւ ինչպիսի՞ վարպետութեամբ կը ներթափանցէ ու կը գրաւէ Եւայի սիրտն ու միտքը:
Սատանան կը յաջողի Եւային մէջ Աստուծոյ խօսքին հանդէպ կասկած յառաջացնել, եւ համոզել զինք եւ գոհացում տալ անոր հետաքրքրասիրութեան:
Անհնարին է որ մարդ արարածը զգայ փորձութեան դառնութիւնը, ցաւն ու տառապանքը, որոնք կը հետեւին փորձութեան: Սատանան մարդուն ցոյց կու տայ մեղքին միայն հաճելի բաժինը եւ ոչ թէ, մեղքի ծանրութիւնը եւ հետեւանքները:
Այսօրուայ աւետարանական հատուածը առնուած է, լերան քարոզի երկրորդ մասէն, ուր մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս կ’ուսուցանէ մարդու կեանքի փոխ-յարաբերական ճշմարիտ սկզբունքներն ու զանոնք գործադրելու ձեւերը: Հատուածէն կարելի է քաղել հետեւեալ ճշմարտութիւնները.
ա-Աստուած պատուիրեց նախամարդուն ըլլալ զուսպ եւ ժուժկալ, իր ընթացքին մէջ, ամէն ազատութիւն տրուած էր իրեն, սակայն մարդը իր ազատ կամքով եւ անհնազանդութեան պատճառաւ մեղանչեց:
բ-Նախամարդոց մեղանչումին պատճառաւ անոնց կեանքին մէջ մուտք գործեցին՝ «Ցաւը, Տառապանքն ու Մահը»:
գ-Անոնք աստուածային վճիռով արտաքսուեցան դրախտէն: Մեղանչումի երեք դերակատարներն ալ ստացան իրենց արդար պատիժը: Աստուծոյ տնօրինութեամբ Ադամ իր ճակտի քրտինքով պիտի վաստակէր եւ ուտէր իր հացը: Իր կինը Եւան ցաւով ու երկունքով ծննդաբերութիւն ունենար: Իսկ օձը իր փորին վրայ պիտի սողար եւ իր ու մարդուն միջեւ թշնամութիւն յառաջանար, մարդը ջախջախեց օձին գլուխը, իսկ օձը պիտի խայթէր մարդուն գարշապարը: (Ծնն 3.15-16):
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան