ԱՐՄԷՆ ՌՈՒՍՏԱՄԵԱՆ Կ’ԱՅՑԵԼԷ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻ

Ուրբաթ, 27 Փետրուար 2026-ի կէսօրին, Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցին հիւրընկալեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ՝ Արմէն Ռուստամեանին, ընկերակցութեամբ Գանատայի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Թորոնթոյի «Սողոմոն Թեհլիրեան» Կոմիտէութեան ներկայացուցիչներուն։

Հիւրերը դիմաւորուեցան եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ Գերպ. Հայր Սուրբին, Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տէր Հօր եւ Հոգաբարձութեան ատենապետին կողմէ։ Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան պատմութեան, առաքելութեան եւ համայնքային գործունէութեան մասին հակիրճ տեղեկութիւններէ ետք, աղօթք կատարուեցաւ, ապա հիւրը շրջագայեցաւ եկեղեցւոյ տարբեր բաժինները, ծանօթացաւ իրականացուող հոգեւոր եւ ազգային ծառայութիւններուն, եւ բարձր գնահատեց համայնքին մատուցուող նուիրեալ աշխատանքը։