Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Միշէլ Կոկիկեան եւ ուրախութեամբ յայտնեց, թէ կը մտածէ վերսկսիլ շուրջ 7 տարի առաջ իր հիմնած համալսարանականներու յատուկ կրթական նպաստի հիմնադրամի գործունէութեան՝ նոր մօտեցումներով ու առաջնահերթութիւններով։
Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն ողջունեց Կոկիկեանի այս ծրագիրը եւ յայտնեց, թէ ինչպէս անցեալին նաեւ հիմա պատրաստ է իր զօրակցութիւնը շնորհելու հիմնադրամի գործունէութեան՝ շեշտելով համալսարանականներու օժանդակելու հրամայական անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու Վենեզուելայի հայ գաղութին: Յայտնենք, որ Միշէլ Կոկիկեան, իր ընտանիքով, երկար տարիներ ապրած է Վենեզուելա եւ կը շարունակէ իր տնտեսական գործունէութիւնը երկիրէն ներս եւ ներկայիս իր զաւակներէն մէկը անդամ է ազգային վարչութեան: