Ատեան կը նշանակէ դատարան, սակայն եկեղեցական բառագիտութեան մէջ անիկա կը ստանայ կրկնակի իմաստ եւ նշանակութիւն:
Ատեանը երկու մաս ունի: Առաջինը կը գտնուի Ս. Խորանին անմիջական դիմացը՝ երկու դասերուն միջեւ: Երկրորդը՝ Ս. Խորանէն աւելի անդին, դէպի եկեղեցւոյ կեդրոնը կ’երկարի:
Այս իմաստով է, որ բեմին կեդրոնական եզրին՝ գրակալին վրայ դրուած ժամագիրքը կը կոչուի Ատենի ժամագիրք, իսկ Աւետարանը՝ Ատենի Աւետարան:
Ծիսական արարողութիւններու ընթացքին մասնաւոր բաժիններ կան, որոնք կը կատարուին Ատեանին մէջ: Նման պարագաներու տօնացոյցը կը թելադրէ ըսելով.- «Ելանեն յատեան», ինչ որ կը թելադրէ եկեղեցականներուն եւ դպիրներուն Ատեանին երկրորդ մասը ելլել:
Ընդհանրապէս Ատեանին մէջ կը կատարուին հետեւեալ արարողութիւնները.

-Շաբաթ երեկոները՝ Կիրակմուտքի տակաւ շիջող լոյսը ներբողող «Լոյս զուարթ…» հոգեյոյզ մեղեդիին եւ «Եկեալքս ի մտանել արեգական…» հոգեթով գովերգութեան երգեցողութիւնը,
-Տէրունի եւ Աւագ Սրբոց Նախատօնակները.
-Տէրունի տօներուն փառքը ներբողող Օրհնութեան շարականներու երգեցողութիւնները,
-Տաղաւարներուն Անդաստանի արարողութիւնները,
-Փառք ի բարձունսի երգեցողութիւնը,
-Հոգեհանգստեան արարողութիւնը:
Ատեանին մէջ կատարուող ծիսական արարողութիւնները եթէ առաջին հերթին կը փորձեն յաւելեալ շուք եւ փառք ընծայել եկեղեցական արարողութեան, միանգամայն անոնք կը փորձեն հաւատացեալները ներգրաւել տօնախմբութեան ոգիին եւ էութեան մէջ:
Ատեանի արարողութեանց ընթացքին, ընդհանրապէս, եկեղեցականներու դասը շուրջառ կըզգենու, շեշտելու համար պահուան նուիրական հանգամանքը: