«Հայր Մեր» աղօթքին մէջ ամէն օր «Եկեսցէ Արքայութիւն Քո» կը կրկնենք։ Այս պարզ, բայց խորիմաստ արտայայտութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, որ Աստուծոյ Արքայութիւնը միայն հեռու կամ ապագայ իրականութիւն չէ, այլ կը սկսի այստեղ՝ մեր սրտերուն, մեր ընտանիքներուն ու մեր կեանքին մէջ։
Եկեղեցին այս ճշմարտութիւնը կ’ապրեցնէ ամէն կիրակի իր սուրբ պատարագին ընթացքին, երբ քահանան բազմիցս կը հրաւիրէ ժողովրդին մուտք գործելու աստուածային ներկայութեան մէջ։ Օրինակ՝ երբ կը լսենք «Խաղաղութիւն ամենեցուն»ը, այդ խաղաղութիւնը աշխարհիկ հանգստութիւն չէ, այլ Քրիստոսի խաղաղութիւնը՝ որ միայն Աստուծոյ Թագաւորութենէն կը բխի։
Բայց ի՞նչպէս կարելի է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ապրիլ այսօր՝ մեր կեանքին ընթացքին։ Պօղոս առաքեալը շատ յստակ կ’ըսէ․ «Աստուծոյ արքայութիւնը կերակուր կամ ըմպելիք չէ, այլ արդարութիւն, խաղաղութիւն եւ խնդութիւն, Սուրբ Հոգիէն տրուած» (Հռոմ. 14։17)։
Այս խոստումը մեզ կը դնէ կարեւոր ճշմարտութեան մը առջեւ․ Աստուծոյ թագաւորութիւնը չի սահմանափակուիր արտաքին միջոցներով կամ սովորութիւններով, այլ կ’արտացոլայ մեր սրտին մէջ՝ արդարութեամբ, խաղաղութեամբ ու ուրախութեամբ։
Այս ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը կախուած չեն արտաքին հանգամանքներէն։ Հակառակ փորձանքներուն ու դժուարութիւններուն, անոնք կը մնան անսասան, որովհետեւ Աստուծոյ պարգեւն են, եթէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը մեր սրտերուն մէջ ունինք։ Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ․ «Ուրախ եմ չարչարանքներուս մէջ» (Կող. 1։24)։ Այս վկայութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, որ ուրախութիւնը կեանքին մէջ միշտ զուգորդուած պիտի ըլլայ նեղութիւններու եւ զօրութեան փորձառութեամբ, բայց ինչ ալ ըլլան պարագաները, խաղաղ եւ ուրախ կը մնանք եթէ Աստուծոյ արքայութիւնը մեր մէջ ունենանք։
Ընտանիքը, իր բոլոր ուրախութիւններով ու մարտահրաւէրներով, ամենէն բնական տեղն է, ուր Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կրնայ սկսիլ։ Երբ ընտանիքի անդամները կը սիրեն ու կը ներեն զիրար, երբ հաւատք ու աղօթք կը կիսեն, անոնք արդէն կը դառնան կենդանի վկաներ, թէ Աստուծոյ Արքայութիւնը ներկայ իրականութիւն մըն է։
Ամէն օրուան փոքր գոհունակութիւնները՝ համբերութիւնը ծնողներուն, զոհողութիւնը զաւակներուն համար, կամ սիրոյ ու հիւրասիրութեան արարք մը հարազատին հանդէպ, կը դառնան ճամբայ մը դէպի Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ Այդպէս, ընտանիքը միայն աշխարհիկ օրէնքով գոյութիւն ունեցող միութիւն մը չի մնար, այլ Աստուծոյ ներկայութեան դպրոց մը։
Ուրեմն, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մեր ընտանիքներուն մէջէն կրնայ սկսիլ։ Ամէն մէկս իր տեղը ունի այդ արքայութիւնը կառուցելու․ հայրը կամ մայրը՝ իր սիրով ու իմաստութեամբ, զաւակը՝ իր հնազանդութեամբ ու ուրախութեամբ, տարեցները՝ իրենց փորձառութեամբ ու հաւատքով։ Այսպէս ընտանիքը կը դառնայ փոքրիկ եկեղեցի մը, ուր կը ճաշակուի ու կը յայտնուի Աստուցոյ Թագաւորութեան կեանքը։
Երբ ամէն օր կը կրկնենք «Եկեսցէ Արքայութիւն Քո», ի՜նչ լաւ է հասկնալ, որ այդ թագաւորութիւնը պիտի չսկսի միայն ապագայ դրախտին մէջ, այլ այսօր՝ մեր սրտերուն մէջ, մեր ընտանիքներուն մէջ, եւ մեր կեանքի պարզ ու խորին պահերուն։
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան