Աստուած Զօրութիւն կու տայ Հնազանդողին

Աստուծոյ հնազանդիլը դիւրին բան չէ. Կ’ըսեն շատեր…

Դիւրի՞ն է երկու հագուստներէդ մէկը չունեցողին տալ (Ղկ 3.11), կամ օրհնել քեզ անիծողին, աղօթել քեզ նեղացնողին (Ղկ 6.28), երես դարձնել քեզ ապտակողին (Մտ 5.39), սիրել քեզ չսիրողին (Ղկ 6.32-33), եօթանասուն եօթը անգամ եօթը անգամ ներել ուրիշին (Մտ 18.21-22), եւ ասոնց նման տէրունի այլ պատուիրաններ։

Հաւանաբար կարդացած էք աւետարանին մէջ, Յիսուսի պատմութիւնը իրեն բերուած անդամալոյծ հետ, որուն կ’ըսէ. «Ե՛լ, ա՛ռ մահիճդ եւ տունդ գնա» (Մր 2.11)․ Յիսուսին խօսքին ի պատասխան, անդամալոյծը առանց վառանելու կամ տատամսելու կ’ելլէ ու տուն կ’երթայ։ Այս պատմութեան մէջ յստակօրէն կը տեսնենք անդամալոյծին ցուցաբերած կատարեալ հաւատքն ու վստահութիւնը Յիսուսի խօսքին նկատմամբ։ Քրիստոսի խօսքը, մեզի համար ալ այսօր լեցուն է պատգամով, որովհետեւ ծանրաբեռնուած մեր հոգեկան եւ մարմնական առօրեայ հոգերով, մեր անձնական «մահիճ»ին մէջ կը մնանք, որովհետեւ դժուար կը գտնենք հնազանդիլ Աստուծոյ խօսքին որ կ’ըսէ «ել առ մահիճդ եւ քալէ»։

Այս խօսքը յուշ է մեզի այսօր, որ ան որ կը փափաքի Քրիստոսի հնազանդիլ, Աստուած անոր հնազանդելու կարողութիւնն ալ կը շնորհէ եւ զօրութիւն կու տայ իրմէ պահանջուածը ի գործ դնելու. Օրինակ, երբ Քրիստոս իր առաքեալները ղրկեց քարոզելու, զանոնք Սուրբ Հոգիով զօրացուց։ Եթէ անդամալոյծը սպասէր իր մարմնին մէջ անբնական ուժ մը զգալ որպէսզի փորձէր ոտքի ելլել, մինչեւ մահ անդամալոյծ պիտի մնար։

Մենք ալ, չսպասենք արտաքին կամ ներքին նշաններուն կամ արտասովոր զգացումներու Տիրոջ հնազանդելու համար։ Հաւատա՛ երբ Տէրը քեզի կը թելադրէ երկու հագուստներէն մէկը աղքատին տալ, Աստուած քեզ մերկ չի ձգեր. Երբ Աստուած քեզի կը թելադրէ օրհնել քեզ անիծողները, Ինքն ալ առատապէս քեզ կ’օրհնէ։

Աստուծոյ պատուիրանները դժուար են եթէ մարդկային կարողութիւններուդ վստահիս։ Ե՛լ առանց տկար ոտքերուդ նայելու եւ քալել սկսիր. Աստուած կը զօրացնէ քեզ։ Ելլելու փափաքը ունեցիր եւ Քրիստոս քայլդ յաղթանակի կը վերածէ։ Եթէ կ’ուզես երկնքի արքայութիւնը ժառանգել, նախ պէտք է ոտքի ելլես եւ քալես. Պէտք է ճանապարհորդութիւնդ սկսիս, որուն ընթացքին Տէրը կ’ընկերակցի քեզի։

Աստուծոյ վստահութեամբ հնազանդիլը, մեր հոգեւոր ճանապարհին առանցքը կը կազմէ. Վստահէ ու քալէ առանց հրաշքներ կամ արտասովոր երեւոյթներ ակնկալելու սկսելու համար։ Անդամալոյծին օրինակը ցոյց կու տայ, որ Քրիստոսի խօսքը ինքնին բաւարար է կեանք մը փոխելու։ Վստահէ՛ Տիրոջ։

Գարեգին Ծ․ Վրդ․ Շխրտմեան