
Հինգշաբթի, 19 Մարտ 2026-ին, Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ եւ Հոգեւոր Տեսուչ Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանի առաջնորդութեամբ, տեղի ունեցաւ Աստուածաշունչի շուրջ ամսական զրոյցն ու սերտողութիւնը։
Հանդիպման նիւթը Մարկոսի Աւետարանի 7-րդ գլուխն էր, ուր քննարկուեցաւ, թէ ինչպէս կեղծ արտաքին պաշտամունքը մարդը կը հեռացնէ Աստուծոյ պատուիրաններէն եւ անոնց ճշմարիտ իմաստէն։ Շեշտուեցաւ, որ թէեւ մարմնական մաքրութիւնը կարեւոր է, սակայն առաջնահերթ է սրտի մաքրութիւնը՝ զերծ նախանձէն, չարութենէն եւ ատելութենէն։ Նաեւ ընդգծուեցաւ, որ ապաշխարութիւնն է, որ կը մաքրէ հոգին, իսկ Տէր Յիսուս կը դատապարտէ կեղծաւորութիւնը՝ հրաւիրելով հաւատացեալները ճշմարիտ եւ խորքային արդարութեան։ Հանդիպման աւարտին, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Յանձնախումբի անդամները կազմակերպեցին ընկերային ժամ մը, ուր ներկաները մասնակցեցան Աստուածաշնչական հարց ու պատասխան խաղի՝ ստեղծելով ջերմ եւ համախմբող մթնոլորտ։


