ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնի շաբաթը, իւրայատուկ կերպով կը նշուի Թորոնթոյի  Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական եկեղեցիէն ներս: Ամենօրեայ հսկումի եւ քարոզախօսութեան արարողութեան ընթացքին վեր կ’առնուի Ս. Կոյս Մարիամի առաքինութիւնները, այս տարուան  քարոզախօսութեան նիւթն էր Ս. Աստուածամօր կեանքի ընթացքին կրած եօթը դժուարութիւնները, երեկոյեան ժամերգութեանց իրենց մասնակցութիւնը բերին եկեղեցւոյ Դպրաց, Սարկաւագաց դասերը եւ հոծ բազմութեամբ  հաւատացեալներ: Ուխտի շաբթուան իւրաքանչիւր օր յատուկ նիւթերու օրհնութիւն կը կատարուի եւ կը բաշխուի հաւատացեալներուն:

Շաբթուան երեքշաբթի օրը ուխտագնացութիւն կը կատարուի: Իսկ Շաբաթավերջին` ամբողջ օրուան ընթացքին իւրաքանչիւր ժամ յատուկ արարողութիւններով, աղի  եւ հարիսայի օրհնութեամբ, ինչպէս նաեւ «Յիշատակ Մեռելոց»ի, Ս. Պատարագով իր աւարտին կը հասնի Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնակատարութիւնը:

Արդարեւ, Երեքշաբթի 12 Օգոստոս.2025 ի առաւօտեան, շուրջ 50 հաւատացեալներու մասնակցութեամբ դէպի «Ուինզըր» ուխտագնացութիւն կատարուեցաւ: Ուխտագնացութիւնը կ’առաջնորդէր եկեղեցւոյս Հոգեւոր  Տեսուչ՝ Գերպ. Տէր Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան, իսկ վարչական եւ կազմակերպչական բաժինը ստանցնած էր Հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Սիլվանա Պապիկեան: Ուխտերթը սկիզբ առաւ առաւօտեան աղօթքով: Սուրբ Շարպել եկեղեցւոյ եւ  շրջաբակին մէջ զետեղուած «Սրբութեան  Ճանապարհ»ի ուղղութեամբ, Քրիստոսի չարչարանքներու եւ խաչելութեան  հանգրուաններով: Իւրաքանչիւր հանգրուանին,  Հայր Սուրբը յատուկ  աղօթքներ եւ շարականի երգեցողութիւն կատարեց հաւատացեալներու մասնակցութեամբ: Ապա ներկաները համախմբուեցան եկեղեցի, ժամերգութեան աւարտին Ս. Հաղորդութիւն ստացան, որմէ ետք հաւաքական սիրոյ ճաշ մատուցուեցաւ, Ուինզըրի հայկական Ս. Ստեփանոս  եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ Հ.Օ.Մ.-ի ընկերուհիներու հիւրընկալութեամբ: Երկոյեան, ուխտաւորները գոհունակ սրտով վերադարձան:

Հինգշաբթի, 14 Օգոստոս 2025-ին, յաւարտ երեկոյեան ժամերգութեան, եկեղեցւոյս Ազնաւորեան դպրաց եւ Սարկաւագաց դասերու, ղեկավարութեամբ խմբավար Անուշ Գալստեանի, գեղարուեստական ելոյթ տեղի ունեցաւ, նախագահութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Բաբգէն Ս. Արք. Չարեանի: Համերգի ընթացքին, Ս. Աստուածածնայ նուիրուած Տաղերու եւ Շարականներու, եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի ներբողական գանձերէն փունջ մը մատուցուեցաւ: Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց կազմակերպուած բացառիկ գեղարուեստական ելոյթը, ապա «պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» մաղթերքով վերջ գտաւ երեկոն:

Շաբաթ, 16 Օգոստոս 2025-ի երկոյեան,  Կիրակամտից ժամերգութիւն եւ նախատօնակ, ինչպէս նաեւ «Աղ»ի օրհնութիւն կատարուեցաւ, նախագահութեամբ Գանատայի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Բաբգէն Ս. Արք Չարեանի, մասնակցութեամբ Հոգեւորականաց եւ Սարկաւագաց դասերուն եւ հաւատացեալներու, որմէ ետք սկիզբ առաւ «Հարիսայի» պատրաստութիւնը:

Կիրակի, 17 Օգոստոս 2025-ին, ամբողջ գիշեր մինչեւ առաւօտ յատուկ ժամերգութիւններ կատարուելէ ետք, առաւօտեան ժամամը 10.30ին, Ս. Եւ Անմահ Պատարագ մատոյց Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Ս. Արք. Եպս. Չարեան, առընթերակայութեամբ՝ Գերպ.Տէր Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանի եւ Արժ. Տ. Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեանի. խորանին կը սպսարկէին Սարկաւագաց դասը, իսկ պատարագի երգեցողութիւնը հրաշալի կերպով կատարուեցաւ Զարեհ Ազնաւորեան դպրաց դասի կողմէ, խմբավարութեամբ՝ Անուշ Գալստեանի: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յաւուր պատշաճի քարոզեց, վեր առնելով Աստուածամօր առաքինութիւնները եւ Ս. Մարիամի բարեխօսութիւնը, խնդրեց մանաւանդ Արցախէն թշնամիին կողմէ  գերեվարուած  հայորդիներու ազատութեան եւ բարօրութեան համար, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց բոլոր մայրերը եւ Մարի անուն կրողները: Յաւարտ Ս. Պատարագի, «Խաղողի, Մատաղի եւ Ջուրի» Օրհնութիւն կատարուեցաւ եւ բաժնուեցաւ հաւատացեալներուն:

Երկուշաբթի, 18 Օգոստոս 2025-ին, «Յիշատակ Մեռելոց»ի առթիւ, Ս. եւ Անմահ Պատարագ եւ Հոգեհանգստեան կարգ կատարուեցաւ ի յիշատակ ննջեցեալներու. յաւարտ Ս.  Պատարագի «Գերեզման Օրհնէք» տեղի ունեցաւ, գերեզմանատան հայկական բաժիններէն ներս:

Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին  առթիւ, իրականացան հետեւեալ  արարողութիւնները եւ իրերու օրհնութիւնները.

– Երկուշաբթի 11 Օգոստոս երեկոյեան, ժամերգութեան աւարտին, խունկի օրհնութիւն:

– Երեքշաբթի 12 Օգոստոս երեկոյեան, ժամերգութիւն իւղի եւ  մանուկներու յատուկ աղօթագրքոյկի  օրհնութիւն:

– Չորեքշաբթի 13 Օգոստոս երեկոյեան, ժամերգութիւն եւ Խաչերու եւ գրպանի աղօթքի ծրարներու օրհնութիւն:

– Հինգշաբթի 14 Օգոստոս, ժամերգութիւն եւ Մեղրի օրհնութիւն:

– Ուրբաթ 15 Օգոստոս, ժամերգութիւն եւ Վարդերու օրհնութիւն:

– Շաբաթ 16 Օգոստոս, ժամերգութիւն, նախատօնակ  եւ Աղի օրհնութիւն: