«Իսկ առաքեալները Ատեանէն հեռացան, ուրախանալով որ Տիրոջ անունին համար անարգանքի արժանացան» (Գրծ 5.41):
Պետրոս ու Յովհաննէս առաքեալներ, հակառակ եբրայեցիներու սպառնալիքներուն եւ արգելքներուն, առանց վարանելու քաջութեամբ կը տարածեն ու Յիսուսի անունը կը քարոզեն ամէնուրեք եւ ամէնուն: Անոնք սնահաւատներու ուղեկիցները դառնալու փոխարէն, կը նախընտրեն ճշմարիտ Աստուծոյ ճանապարհորդակցութեամբ ճշմարտութեան համար հալածանքներու ենթարկուիլ, եւ ժամանակաւոր հանգիստին ընդդիմանալով՝ հետեւիլ յաւիտենական հանգիստ շնորհողին՝ Յիսուս Քրիստոսին (Մտ11.28): Անոնք իրենց կեանքի օրինակով առիթ հանդիսացան շատերու կեանքին բարեփոխման: Երբ կարդանք անոնց կեանքը, կ’անդրադառնանք, թէ անոնք հաւատքի ախոյեաններ են: Մեզմէ քանինե՞ր այսօր պատրաստ են իրենց անձերը նուիրաբերելու Քրիստոսի սիրոյն: Մեզմէ քանինե՞ր պատրաստ են անվախօրէն տարածելու Քրիստոսի անունը: Անոնք ուրախութիւն սեպեցին Քրիստոսի համար անարգանքի արժանանալը, նախատուեցան, բայց չնախատեցին, հալածուեցան բայց չսպառնացին: Անոնք հետեւեցան Քրիստոսի օրինակին, որուն համար դարեր առաջ արդէն մարգարէացած էր Եսայի մարգարէն (Ես 53.7, Ա.Պտ 2.23): Այս բոլորով հանդերձ, անոնք շարունակեցին իրենց քարոզչութիւնը՝ «Ամէն օր, թէ՛ տաճարին եւ թէ իրենց տուներուն մէջ, անդադար կը սորվեցնէին Յիսուս Քրիստոսը քարոզելով» (Գրծ 5.42): Դարե՜ր անցան, բայց տակաւին նոյն ոգին կը շարունակուի, եկեղեցւոյ հաւատացեալներու համախմբումին կողմէ (Եփ 2.20, Ա.Կր 12.27), որոնք իրենց վստահուած քրիստոսահիմն կտակը կը շարունակեն անխախտ պահելով, զայն փոխանցելով սերունդէ սերունդ, որպէս անկորնչելի կտակ:
Առաքեալները քաջ գիտակցելով, թէ Քրիստոսի հետեւելով հալածանքի պիտի ենթարկուին, որովհետեւ Քրիստոս ըսած էր. «Քանի զիս հալածեցին, ձեզ ալ պիտի հալածեն» (Յհ 15.20): Նկատի ունենալով այս բոլորը, աննկուն կամքով եւ հաւատքով քալեցին, խորտակելով ամէն պատնէշ եւ կրցան ի կատար ածել իրենց վստահուած պարտականութիւնը՝ տարածել Քրիստոսի Աւետարանը աշխարհի չորս ծագերը, ինչ որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի պարտականութիւնն է: Բոլոր ժամանակներու մէջ մարդիկ կը գտնուին, որոնք Սատանայի ճիրաններով բռնուած ու խորհուրդներով կլանուած, իրենց հոգեկան աչքերը խաւարի ծածկոյթով քօղարկուած, կը հարուածեն աստուածային սիրով արբեցած, Անոր պատուէրներով լիացած ու Լոյս Աստուծոյ ճառագայթումով որդեգրուած Լոյսի եւ յոյսի որդիները: Անոնք արգելք հանդիսանալով աստուածային փրկագործական ծրագրի իրականացման՝ չեն անդրադառնար թէ առաքեալները հարուածելով, Քրիստոսն է որ հարուածած կ’ըլլան, Անոր հետեւորդները նախատելով Քրիստոսն է որ նախատած կ’ըլլան, որուն դիմաց ամէն դուռ կը խորտակուի եւ ամէն ժայռ կը փշրուի:
Ս. Յարութեան հրաշափառ այս տօնը, առիթ մը թող ըլլայ մեզմէ իւրաքանչիւրին, գերեզմանելու մեր մէջ հին մարդը եւ յարութիւն առնելու Յարուցեալ ու Յարուցիչ Քրիստոսի հետ, քալելու Անոր յաջորդներուն՝ առաքեալներու օրինակով Գողգոթայի փշոտ ճանապարհէն, կառչած մնալու անոնց հաւատքով ամրագրուած ու արեան կաթիլներով շաղախուած Հայ Եկեղեցւոյ, եւ անշահախնդիր գործունէութեամբ մաս կազմելու եւ Քրիստոսը աւետելու:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան