Վերնագիրը, վստահաբար, հետաքրքրութիւնդ արթնցուց։ Նախ կ’ուզեմ յստակ ըսել, որ նպատակս այս հարցին շուրջ բանավէճ մը ստեղծել չէ կամ քահանան հրեշտակէն «աւելի մեծ» ներկայացնել. Պարզապէս, կ’ուզեմ անդրադառնալ Հայ Եկեղեցւոյ հայրերէն՝ Վարդան Այգեկցիի մէկ խորիմաստ արտայայտութեան, որուն մէջէն կը փորձէ քահանայութեան պատիւը ընդգծել եւ ոչ աւելին։ Ան կ’ըսէ, «Քահանայութիւնը հրեշտակներէն բարձր է»։
Ի՞նչ կը նշանակէ այս խօսքը եւ Աստուածաշունչն ու եկեղեցական աւանդութիւնը ի՞նչ կ’ուսուցանեն այս մասին։
Նախ փորձենք հասկնալ «հրեշտակ» եւ «քահանայ» բառերուն իմաստը։
«Հրեշտակ» բառը կը նշանակէ պատգամաբեր, դեսպան կամ լուր բերող։ Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. « Հրեշտակները Աստուծոյ ծառայող հոգիներ են եւ Իր կողմէ կը ղրկուին օգնելու համար անոնց, որոնք փրկութիւնը պիտի ժառանգեն» (Եբրայեցիս 1.14)։ Ուրեմն, հրեշտակները մշտապէս Աստուծոյ կամքը կը կատարեն եւ Իր փառքին համար կը ծառայեն։
Քահանան ալ Աստուծոյ սպասաւորն ու պաշտօնեան է։ Ան այն մարդն է, որ ձեռնադրութեամբ Աստուծմէ իշխանութիւն կը ստանայ, բան մը, որ հրեշտակները չունին։ Այս իշխանութիւնը մարդկային պատիւ կամ անձնական արժանիք կամ ձեռքբերում չէ, այլ շնորհք մըն է, որ Աստուած Իր Եկեղեցւոյ մէջ վստահած է որոշ անձերու։
Այս իմաստով կարելի է ըսել, թէ իր ծառայութեան համար իւրաքանչիւր քահանայ հրեշտակ է, սակայն ոչ մէկ հրեշտակ քահանայ է, քանի չունի այդ իշխանութիւնն ու պատիւը, որ Աստուած շնորհած է քահանաներուն։
Վերադառնալով Վարդան Այգեկցիին, ան կ’ըսէ թէ քահանան աւելի բարձր է հրեշտակներէն որովհետեւ Աստուած քահանային պատիւ մը ըրած է, որ տուած չէ հրեշտակներուն։
Ո՞րն է այդ պատիւը։
Ամենէն առաջ՝ Սուրբ Պատարագը։ Երբ քահանան սուրբ խորանին առջեւ կը կանգնի, ինքզինք չէ, որ կը ներկայացնէ, այլ Քրիստոսը։ Ան կը կրկնէ Փրկչին խօսքերը.
«Առէ՛ք, կերէ՛ք, ասիկա Իմ մարմինս է…»
«Խմեցէ՛ք ասկէ բոլորդ, ասիկա Նոր Ուխտի Իմ արիւնս է…»
Այս սրբազան սպասաւորութիւնը այնպիսի մեծ պատիւ մըն է, որ ոչ մէկ հրեշտակ երբեւէ ստացած է։

Նոյնպէս, միայն քահանային տրուած է մեղքերու արձակման իշխանութիւնը, զոր Քրիստոս Իր առաքեալներուն շնորհեց՝ ըսելով. «Եթէ մէկուն ներէք իր մեղքերը՝ թող ներուած ըլլան եւ եթէ չներէք մէկուն մեղքերը՝ թող ներուած չըլլան» (Յհ 20.23)։ Ի հարկէ, մեղքերը ներողը միայն Աստուած է, սակայն Աստուած Իր ողորմութեան կ’արժանացնէ մարդիկը քահանայութեան եւ անոնց տուած իշխանութեան ճամբով։
Քահանան նաեւ Եկեղեցւոյ խորհուրդներուն սպասաւորն է։ Մկրտութիւն, Դրոշմ, Ապաշխարութիւն, Հաղորդութիւն եւ միւս խորհուրդները կը կատարուին Սուրբ Հոգիի ներգործութեամբ, եւ Աստուած կամեցած է այդ շնորհները Իր Եկեղեցւոյ մէջ բաշխել քահանայական սպասաւորութեան միջոցով։
Միւս կողմէ, հրեշտակները, որքան ալ մօտ ըլլան Աստուծոյ գահին, որքան ալ անընդհատ փառաբանեն Իրեն, չեն կրնար կատարել այս ծառայութիւնները։ Եսայի մարգարէն կը նկարագրէ սերովբէները, որոնք վեց թեւերով կը ծածկեն իրենց երեսն ու ոտքերը եւ միւս թեւերով կը թռին եւ կը սպասարկեն Աստուած, եւ թէ ինչպէս ահիւ կը կանգնին Աստուծոյ ներկայութեան մէջ (Ես 6.2-3)։ Իսկ քահանան, նոյն Աստուծոյ շնորհով, կը մօտենայ սուրբ խորանին, կը ծառայէ Սուրբ Սեղանին, զԱստուած երկինքէն երկիր կը հրաւիրէ, կը բաշխէ Քրիստոսի Մարմինն ու Արիւնը հաւատացեալներուն։
Ուստի, երբ Եկեղեցւոյ հայրերը կը խօսին քահանայութեան գերազանցութեան մասին, անոնք չեն խօսիր անձին արժանիքներուն մասին, այլ՝ այն աստուածային շնորոհքին, զոր Աստուած վստահած է քահանային, որուն համար բնականաբար քահանան հեշուետու է Աստուծոյ։
Այս միտքը գեղեցիկ կերպով կ’արտայայտէ նաեւ հին եկեղեցական աւանդութեան մէջ պահպանուած հետեւեալ խօսքը.
«Երբ քահանայ մը եւ հրեշտակ մը միասին տեսնես, նախ քահանային խոնարհէ, ապա՝ հրեշտակին բարեւէ»։
Այս խօսքը պէտք չէ հասկնալ որպէս հրեշտակներու եւ քահանաներու միջեւ մրցակցութիւն կամ հրեշտակներու արժանապատուութիւնը նուազեցնող արտայայտութիւն, այլ որպէս յիշեցում մը, թէ Աստուած որքան մեծ եւ ահաւոր ծառայութիւն վստահած է Իր սուրբ եկեղեցւոյ քահանաներուն։
Ուստի, յիշենք որ երբ հոգեւորական մը կը հանդիպինք, մեր յարգանքը նախ եւ առաջ իր անձին չի վերաբերի, այլ այն սրբազան պաշտօնին, զոր ան կը կրէ՝ իբրեւ Քրիստոսի սպասաւոր եւ Աստուծոյ խորհուրդներու տնտես։
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան