ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵՑԱՒ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔԻՆ

Շաբաթ, 11 Հոկտեմբեր 2025-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, ընկերակցութեամբ Հոգշ. Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեանին եւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեանին, Oratoire St. Joseph-ի մէջ, մասնակցեցաւ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար կազմակերպուած միջ-եկեղեցական աղօթք-պատարագին։

Միջ-եկեղեցական աղօթքը կազմակերպուած էր Միջին-Արեւելքի Եկեղեցիներու Միութեան Խորհուրդին կողմէ։

Առաջնորդները հիւրընկալուեցան, Մոնթրէալի Արքեպիսկոպոս՝ Տ. Քրիսթիան Լէփինի կողմէ։

Ներկայ էին՝ Գանատայի Պապական Նուիրակ՝ Տ. Իվան Արք. Ժուրքովիչը, Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Տ. Պուլոս Եպիսկոպոսը, Մէլքիդ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Տ. Միլատ Եպիսկոպոս Ժաուիշը, Մարոնիդ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Տ. Փոլ Մարուան Եպիսկոպոս Թապէթը, Ասորի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Տ. Փոլ Անթուան Նասիֆը։ Ինչպէս նաեւ՝ Հոգեւոր հայրեր, սարկաւագներ եւ հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն մը։

Արարողութեան ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանները խօսքեր արտասանեցին, որոնց մէջ էր նաեւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանը։

Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Որպէս Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ, մենք կը հասկնանք ու կը կարեկցինք Միջին-Արեւելքի ժողովուրդի ցաւին, որովհետեւ մենք ալ ազգովին անցած ենք 1915 թուականի ցեղասպանութեան եւ 2023 թուականի ցեղազտման արհաւիրքներէն»։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ