ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի ՄԵԾ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ

Հինգշաբթի, 18 Դեկտեմբեր 2025-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, ընդունեց այցելութիւնը՝ Հ.Մ.Ը.Մ. Գանատայի Շրջանային Վարչութեան, Հ.Մ.Ը.Մ. «Կամք» Մասնաճիւղի Վարչութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ. Լաւալի Մասնաճիւղի Վարչութեան անդամներուն։ 

Հանդիպման ներկայ էին՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան եւ Ազգային Վարչութեան Անդամներ։

Հ.Մ.Ը.Մ. Գանատայի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ՝ Եղբ. Մանօ Քէօսէյեան շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր հիւրընկալութեան համար եւ ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ. Գանատայի Շրջանի յառաջիկայ տարուան ծրագիրները։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհաւորեց բոլորին նոր տարին եւ Սուրբ Ծնունդը, մաղթելով՝ յաջողութիւն, համբերութիւն եւ օրհնեալ ծառայութիւն։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ