Շաբաթ, 6 Դեկտեմբեր 2025-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, ընդունեց այցելութիւնը՝ Հ.Օ.Մ.-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան անդամներուն։
Հանդիպման ներկայ էին՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան եւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեան։ Հ.Օ.Մ.-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան Անդամներուն կ’ընկերակցէր, Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան մօտ Գանատայի ներկայացուցիչ՝ Տիկին Արմինէ Կարապետեանը։ Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին Լիւսի Շահինեան, շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր հիւրընկալութեան համար եւ ներկայացուց նորընտիր կազմի անդամներն ու Հ.Օ.Մ.-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան եկող տարուան ծրագիրները։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհաւորեց նորընտիր կազմը, մաղթելով՝ յաջողութիւն, համբերութիւն եւ օրհնեալ ծառայութիւն։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ